Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄ Նախագահը Քննարկած են Սուրիահայերու Խնդիրները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄ Նախագահը Քննարկած են Սուրիահայերու Խնդիրները

by MassisPost

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 30 ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանը։

Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀԲԸՄ նախագահը գոհունակութեամբ անդրադարձած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ արդիւնաշատ համագործակցութեան եւ քննարկելով համատեղ իրականացուող կրթական եւ սոցիալական ծրագիրներու ընթացքը, նախանշած են ապագայ ընելիքները։

Նորին Սրբութիւնը եւ տիար Պերճ Սեդրակեանը մասնաւորապէս կարեւորած են երիտասարդներու հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու նոր սերունդի կրթութեան ուղղուած ծրագիրները։

ՀԲԸՄ նախագահը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած է միութեան կողմէ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքները։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս կապակցութեամբ իր գնահատանքը փոխանցած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, անոր ազգօգուտ եւ հայրենանուէր գործունէութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան ցուցաբերուող զօրակցութեան համար։

Զրոյցի ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնուած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակի հետեւանքով հայկական համայնքներու արտագաղթի առնչութեամբ, յատկապէս խօսուած է Սուրիոյ հայ համայնքին եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ ցուցաբերուող օժանդակութեան եւ այս ուղղութեամբ ծրագրուող յետագայ քայլերու մասին։ Այս կապակցութեամբ ընդգծուած է է, որ սուրիահայութեան ցոյց տրուող զօրակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, նաեւ կարեւորուած է պետական, հասարակական եւ ազգային բարեսիրական բոլոր կառոյցներու ուժերու մէկտեղումն ու համակարգուած աշխատանքը։

Գարեգին Բ Հայրապետ եւ տիար Պերճ Սեդրակեան անդրադարձած են ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ հայապահպանութեան առնչուող նաեւ այլ հարցերու:

Հանդիպման աւարտին Պերճ Սեդրակեան Մայր Տաճարին մէջ նաեւ ներկայ գտնուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment