Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռուսաստան կը Շարունակէ Ատրպէյճանին Մատակարարել Զէնք ու Զինսարքեր

Ռուսաստան կը Շարունակէ Ատրպէյճանին Մատակարարել Զէնք ու Զինսարքեր

by MassisPost

Երէկ Ատրպէյճան հասած է ռուսական զէնքի եւ նորագոյն ռազմական սարքի նոր խմբաքանակ։ Զէնքն ու զինսարքերը Ռուսաստանը մատակարարած է Ատրպէյճանին երկու երկիրներու միջեւ ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան մասին աւելի վաղ ստորագրուած համաձայնագրի ծիրէն ներս։ Այս մասին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը վկայակոչելով գրած է ռուսական եւ ատրպէյճանական մամուլը։

Զէնքն ու զինսարքերը Ատրպէյճան հասած են ծովային ճանապարհով, թէ յատկապէս ինչ սարքերու մասին է խօսքը՝ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը չէ մանրամասնած, սակայն տարածած տեսագրութեան մէջ լուսանկարներուն մէջ կ’երեւին զրահամեքենաներ։

Զէնքի եւ ռազմական սարքի հետ միասին Ատրպէյճան ժամանած են նաեւ ռուս մասնագէտներ։ Անոնք պէտք է սորվեցնեն ատրպէյճանցի գործընկերներուն, թէ ինչպէս օգտագործել այդ զէնքն ու սարքերը։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը սկսած է աշխոյժօրէն ռուսական զէնք գնել 2000-ականներու սկիզբէն, 2003 թուականին Մոսկուան եւ Պաքուն կնքած են ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր, որու ծիրէն ներս այնուհետ ստորագրուած են զէնքի մասին բազմաթիւ պայմանագիրներ։ Ամենախոշոր գործարքը Ատրպէյճանը կնքած էր Ռուսաստանի հետ 2010-ին, որու ծիրէն ներս Պաքուն շուրջ 4 միլիառ տոլարի զէնք ու զինսարքեր գնած էր Մոսկուայէն, այդ շարքին՝ 100 հատ T90C թանկ, քանի մը տասնեակ «Սմերչ» եւ «Սոլնցեպիոկ» համակարգեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment