Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ կը Բողոքէ՝ «Հայաստանը Չ’ուզեր Լքել Գրաւած Տարածքները»

Ալիեւ կը Բողոքէ՝ «Հայաստանը Չ’ուզեր Լքել Գրաւած Տարածքները»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նեւրուզի իր ելոյթին անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան խնդիրին, աւելի ճիշդ՝ անոր ելոյթի զգալի մասը վերաբերած է Լեռնային Ղարաբաղին:

«Մեր արտաքին քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքականութեան հիմնական հարցը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն է: Ցաւօք, այդ խնդրի լուծման համար լուրջ տեղաշարժ չ’կայ», – ըստ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին տեղադրուած հաղորդագրութեան, ըսած է Ալիեւը եւ մեղադրած Հայաստանին:

Անոր խօսքով՝ առաջընթացի բացակայութեան պատճառը Հայաստանն է, որ «խաղաղութիւն չ’ուզեր, այլ կ’ուզէ պահպանել «ստատուս քօ»ն, չ’ուզեր լքել գրաւած տարածքները»: «Անոր համար մենք, միջազգային հանրութիւնը, միջնորդները պէտք է ստիպենք անոնց, ուրիշ ճանապարհ չկայ», – ըսած է Ալիեւը՝ շարունակելով. – «Հայաստանը կը փորձէ պոյքոթել բանակցութիւնները: Միջնորդները՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները արդէն բաց կը  յայտարարեն, որ մօտ ապագային պէտք է վերականգնուին բովանդակային բանակցութիւնները»:

Միաժամանակ, Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանը ամէն գնով պիտի վերականգնէ «իր տարածքային ամբողջականութիւնը»:

«Որքան Հայաստանը շուտ հասկնայ, որ չի կրնար պահել գրաւեալ տարածքները, այնքան լաւ կ’ըլլայ իր համար: Մենք չենք հաշտուիր նման իրավիճակի հետ: Մենք կը մեծցնենք մեր հզօրութիւնը, կը մեծցնենք մեր ռազմական, քաղաքական հզօրութիւնը, կ’ամրապնդենք միջազգային դիրքորոշումը», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւը, ըստ էութեան, սպառնացած է Հայաստանին՝ ըսելով. – «Անցած տարուայ ապրիլեան կռիւը կարճատեւ կռիւ էր, եւ անոնք պէտք է ճիշդ եզրակացութեան հանգին ու հասկնան, որ մենք ամէն գնով պիտի վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Անոր խօսքով, այսօր ատրպէյճանական դրօշը կը ծածանի Լելէ Թեփէի վրայ (Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի հարաւը գտնուող բարձունք, որ անցած տարի ապրիլեան պատերազմի ժամանակ անցաւ ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ) եւ «Աղտերի մէջ» (Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջան), եւ այն կը ծածանը նաեւ Շուշիի եւ «Խանքենտի մէջ» (Ստեփանակերտ):

Նշենք, որ Հայաստանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումները, որոնց ընթացքին քննարկուած է Ղարաբաղի հարցը, տեղի ունեցած են Նիւ Եորքի եւ Մոսկուայի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment