Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վիգէն Սարգսեան՝ «Իսքանտեր» Համակարգերը կը Պատկանին Բացառապէս Հայաստանի Զինուած Ուժերուն

Վիգէն Սարգսեան՝ «Իսքանտեր» Համակարգերը կը Պատկանին Բացառապէս Հայաստանի Զինուած Ուժերուն

by MassisPost

«Ռիա Նովոսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը Վիգէն Սարգսեան յայտարարած է որ «Իսքանտեր» համակարգերը կը պատկանին Հայաստանի Զինուած Ուժերուն: «Ես 100 տոկոսով կարող եմ հաստատել, որ «Իսքանտեր» համակարգերը պատկանում են Հայաստանի զինուած ուժերին, եւ այստեղ երկրորդ կարծիք լինել չի կարող։ Այդ համակարգերը կառավարում ենք մենք, կառավարում են նրանք, ում դրանք պատկանում են»:

Սարգսեան յայտարարած է որ «Իսքանտեր» համակարգերը կրնան շատ լուրջ վնաս հասցնել այն երկրի ենթակառուցուածքներուն, որու դէմ պիտի կիրառուին:

Բնականաբար, անոնք կիրառման որոշումը պիտի կայացուի՝ ելլելով իրավիճակէն, նաեւ ըսած է Սարգսեան ու ընդգծած՝ «Իսքանտեր» համակարգը, առաջին հերթին, զսպող սպառազինութիւն է։ Վիգէն Սարգսեանի խօսքով, զսպող դեր ունի նաեւ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը։ Ան Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի փոխանցմամբ, Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի շատ կարեւոր բաղադրիչն է։

Ընդ որում, Վիգէն Սարգսեանի կարծիքով, այն բանէն ետք, երբ այդ ռազմակայանի մասին պայմանագիրը հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ երկարաձգուեցաւ, այն պատասխանատու դարձաւ ոչ միայն նախկին ԽՍՀՄ սահմանի պաշտպանութեան, այլ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար:

Ինչ կը վերաբերի 200 միլիոն տոլարի վարկով Հայաստանի կողմէ ռուսական նոր սպառազինութեան ձեռք բերման, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի խօսքով, համապատասխան համաձայնագիրով նախատեսուած զէնքի մէկ մասը Հայաստանը արդէն ստացած է։ Սարգսեանը նոյն հարցազրոյցին նաեւ շեշտած է՝ Հայաստանը, որպէս ՀԱՊԿ անդամ երկիր, ռուսական զէնքը ձեռք կը բերէ «ներքին գիներով»։

«Ռիա Նովոսթի»-ի հետ զրոյցին Վիգէն Սարգսեան «օրինաչափութիւն» համարած է այն, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք ինք առաջին այցը կատարած է Ռուսաստան։ Ան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ՀԱՊԿ-ի դիրքորոշման առնչութեամբ։ «Այդ դիրքորոշումը յստակ արտայայտուած է Երեւանում կայացած ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին ընդունուած յայտարարութիւնում։ Այն յստակօրէն արտայայտել է նաեւ ՀԱՊԿ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիուժան»,-ըսած է Վիգէն Սարգսեանը:

«Ռիա Նովոսթի»-ի հարցին ի պատասխան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ նշած է, որ ՆԱԹO-Հայաստան համագործակցութիւնը չի վնասեր Հայաստանի դաշնակիցներու շահերուն։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Սարգսեանը անդրադարձած է նաեւ շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին, նշելով՝ Ազրպէյճանը կը շարունակէ խախտել հրադադարը՝ կիրառելով նաեւ նռնականետներ եւ ականանետներ։

«Մենք կարծում ենք, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է կատարեն բոլոր այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք են բերուել Վիենայում եւ Ս. Փեթերպերկում կայացած գագաթնաժողովներին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ու անձամբ Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութեամբ»,- ըսած է Վիգէն Սարգսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment