Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արք. Աթէշեան եւ Եպիսկոպոս Մաշալեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հրաւէրով Էջմիածին կը Մեկնին

Արք. Աթէշեան եւ Եպիսկոպոս Մաշալեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հրաւէրով Էջմիածին կը Մեկնին

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է՝ հաստատելով, որ Պոլսոյ փոխպատրիարք արք. Աթէշեանն ու Հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը մօտակայ օրերուն Էջմիածին պիտի մեկնին։

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ինքնավար կառոյց է եւ դուրսէն չեն կրնար այն ուղղորդել։

Յայտարարութեան մէջ հաստատուած է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրաւէրով մօտակայ օրերուն Էջմիածին պիտի մեկնին։

Նշուած է, որ Էջմիածինէն վերադառնալէ ետք Պոլսոյ հայոց պատրիարքի գլխաւորութեամբ յանձնաժողով պիտի կազմուի, որ պատրիարքի ընտրութիւններուն համար նախատեսուած դիմումը Ստամբուլի նահանգապետի միջնորդութեամբ պիտի փոխանցեն իշխանութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարական յայտնելու մասին գրաւոր յայտարարութիւն տարածած էր՝ շեշտելով, որ այդ քայլին գացած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ արք․ Արամ Աթէշեանի պահուածքի պատճառով, քանի որ վերջինս ամէն կերպ կը խոչընդոտէ պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելը։

Այնուհետ հանդիպում ունեցած են Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, Մելքոն Քարաքոսէն, Վազգէն Պարընը, փոխպատրիարք արք․ Արամ Աթէշեանն ու եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը։ Հանդիպման վերջաւորութեան արձանագրութիւն ստորագրած են։

«Մինչ ընտրութիւնները արք․ Արամ սրբազանը պիտի շարունակէ փոխպատրիարքի պաշտօնը։  Ընտրութեան օրը ենթադրաբար պիտի ըլլայ 28 մայիսին»-նշուած էր արձանագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment