Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահ – «Թուրքիա Պէտք է Շարժի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղութեամբ»

Ֆրանսայի Նախագահ – «Թուրքիա Պէտք է Շարժի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղութեամբ»

by MassisPost

Ֆրանսա պէտք է աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բոլոր նախաձեռնութիւններուն, այդ կարգին եւ Թուրքիա, որ ի վերջոյ պէտք է շարժի ճանաչման ուղղութեամբ: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրես», նման յայտարարութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին հանդէս եկած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ:

Ֆրանսայի ղեկավարը ընդգծած է նաեւ Գերմանիոյ Բունդեսթագի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը եւ այս հարցով շեշտած Բունդեսթագի նախագահ Նորբերտ Լամերտի եւ ծագումով թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտէմիրի դերակատարութիւնը: «Դուք մշտապէս տարբերակում դրած էք այս հարցով թրքական պետութեան եւ թուրք ժողովուրդի միջեւ, եւ դուք ճիշդ էք»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Այս առնչութեամբ Օլանտ յիշատակած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի համարձակութիւնը այդ կառոյցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնելու հարցով: Անդրադառնալով Թուրքիոյ զարգացումներուն՝ Օլանտ յիշատակած է, որ այս տարի կը լրանայ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10 տարին, որուն այրիին Ֆրանսայի նախագահը հանդիպած էր Թուրքիա կատարած այցի ընթացքին:

«Այսպիսով, որն է մեր՝ Ֆրանսայի պարտականութիւնն այս հարցով: Մենք պէտք է աջակցինք Ցեղասպանութեան ճանաչման օժանդակող բոլոր նախաձեռնութիւններուն, ուրկէ որ գան, ինչպիսին ալ ըլլան: Եւ կարեւոր է, որ այս հարցը շարունակուի բարձրացուիլ Թուրքիոյ մէջ, որ պէտք է շարժի ճանաչման ուղղութեամբ: Այս հարցը առաջ մղելու հարցով բազմաթիւ այլ երկիրներ մեզ հետ են»,- նշած է Օլանտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment