Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵԽԽՎ 60 Պատուիրակներ Պահանջած են Հետաքննել Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառք Բաժնելու Դէպքերը

ԵԽԽՎ 60 Պատուիրակներ Պահանջած են Հետաքննել Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառք Բաժնելու Դէպքերը

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի թիւով 60 պատուիրակներ ուրբաթ օր Ստրասպուրկի մէջ համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, որմով պահանջած են հետաքննել Ատրպէյճանի կողմէ ԵԽԽՎ պատուիրակներուն կաշառելու մասին արեւմտեան մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները:

Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան փոխանցմամբ խօսքը 2013-ին տեղի ունեցած դրուագի մը մասին է, երբ իտալացի պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէ եւ ատրպէյճանական պատուիրակութեան երկու անդամներ կաշառած են Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներէն մի քանին` Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներուն նուիրուած զեկոյցի ընդունումը արգելափակելու նպատակով:

ԵԽԽՎ պատուիրակները պահանջած են անկախ մարմին ստեղծել խայտարակ այս պատմութիւնը հետաքննելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment