Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատոմ Էկոեան․ Եթէ Պէտք Ըլլայ, Ընտրութիւններէն Յետոյ Դուրս Կու Գանք Փողոց

Ատոմ Էկոեան․ Եթէ Պէտք Ըլլայ, Ընտրութիւններէն Յետոյ Դուրս Կու Գանք Փողոց

by MassisPost

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորականացրու կողմէ ձեւաւորուած «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեամբ հանդէս գալու մասին յայտարարած էր անցեալ տարեվերջին։

Սփիւռքահայ մշակութային գործիչները միայն յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները վերահսկելով չեն սահմանափակուիր: Անոնք կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածութիւնը նաեւ յետընտրական շրջանին։ «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան անդամ, գանատահայ յայտնի բեմադրիչ Ատոմ Էկոեան երէկ Լոս Անճելոս տեղի ունեցած համաժողովին ըսած է, թէ իրենց համար ապրիլեան ընտրութիւններու արդիւնքները կանխատեսելի են։

Անոր խօսքով, հայաստանեան կեանքին նոր որակ հաղորդելու, աւելի խոր մասնակցութիւն ցուցաբերելու ժամանակն է, եւ անոր խորհրդանիշն էր անցեալ յուլիսին Խորենացի փողոցը տեղի ունեցած ցոյցի ժամանակ իր կնոջ՝ Արսինէ Խանճեանին բերման ենթարկելը:

«Որպէս սփիւռքահայեր, պէտք է ներգրաւուած ըլլանք այս երկրին մէջ։ Եկէք մեր մասնակցութիւնը իրական դարձնենք եւ լսենք այն կոչը, որ ուղղուած է մեզ: Եկէք երթանք այնտեղ, եկէք նստինք փողոցները, եթէ անոր կարիքը ըլլայ: Եկէք ըսենք, որ մենք ասոր մէկ մասն ենք»,- նաեւ յայտարարած է Էկոեան:

«Վերասահմանելով Հայաստանի նշանակութիւնը Սփիւռքի մէջ» խորագրով համաժողովին մասնակցած է նաեւ ամերիկահայ յայտնի ռոք երաժիշտ Սերժ Թանկեան: Անոր խօսքով, սփիւռքահայ արուեստագէտները որեւէ կուսակցութեան կողքին պիտի չի կանգնին, այլ պիտի պաշտպանեն մարդկանց ընտրութիւնը։

«Մենք միաւորուեցանք, երբ «Սասնայ ծռեր»-ու դէպքերը սկսան Հայաստանի մէջ։ Մենք՝ որպէս արուեստագէտներ, բոլորս մտահոգ էինք այդ իրադարձութիւններով։ Մենք մտահոգ էինք, որ երկրի ներքին անարդարութիւններուն դէմ մարդկանց դժգոհութիւնը այդ աստիճանի հասած է։ Բոլորս կը սպասենք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Միայն այդպէս կարելի է այդ դժգոհութիւնը պարպել, ցաւը ամոքել։ Բոլորը այդ առումով նոյն մտահոգութիւնը ունիեն, բոլորս միակամ ենք, որ արիւնահեղութիւն չ’ըլլայ, չ’ըլլայ ծայրայեղ արձագանք մեր փոքր, խոցելի երկրին մէջ: Ուստի՝ մենք միաւորուած ենք եւ սկսած ենք ասոր մասին մտածել»,- ըսած է Թանկեան:

Աշխարհահռչակ System of a down խումբի մենակատարը նաեւ նշած է՝ իրենց երեւանեան համերգը ապացոյցն էր այն բանին, որ Հայաստանի մէջ կայ կենսուժով լեցուն եւ առաջնորդելու կարողութիւն ունեցող երիտասարդութիւն՝ «Իրական հարցն այն է, թէ ինչպէս ընենք, որ անոնք չլքեն երկիրը»:

Գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան ընդգծած է՝ կարեւոր է ոչ միայն որպէս դիտորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները վերահսկելը, այլ նաեւ, որ արտերկիր բնակող Հայաստանի քաղաքացիները գան ու քուէարկեն։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած համաժողովի բանախօսներէն երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան նշած է. «Մարդիկ իրականին կը վաճառեն իրենց քուէները հինգ հազար դրամով։ Մեր ճնշումը ոչ միայն պաշտօնեաներու նկատմամբ է, որ չգնեն այդ ձայները, այլ նաեւ մարդկանց նկատմամբ, որ չվաճառեն իրենց ձայները, իսկ անոր համար պէտք է հաւատալ համակարգին ու մասնակցիլ»,- ըսած է Վահէ Պէրպէրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment