Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայազգի Գլատիս Պէրէճիքլեան Ընտրուած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս Նահանգի Վարչապետ

Հայազգի Գլատիս Պէրէճիքլեան Ընտրուած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս Նահանգի Վարչապետ

by MassisPost

Հայազգի Գլատիս Պէրէճիքլեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ:

Ինչպէս յայտնած են աւստրալիական լրատուամիջոցները, 46-ամեայ կինը Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգի 45-րդ վարչապետն է, ան փոխարինած է Մայք Բերդին: Իր առաջին ելոյթին Պէրէճիքլեան խոստացած է ըլլալ ղեկավար բոլորին համար: Այնուհետեւ ան պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն` անդրադառնալով նաեւ իր հայկական արմատներուն:

Նշենք, որ Գլատիս Պէրէճիքլեան կը ներկայացնէ նահանգի «Ազատական» կուսակցութիւնը: Այսպիսով, ան դարձաւ կուսակցութենէն առաջին կին վարչապետը բոլոր նահանգներու մասշտաբով:

Պէրէճիքլեան հայ ներգաղթեալներու ընտանիքէն է, Նոր Հարաւային Ուելսի արտադրական կապերու նախարարն էր, իսկ մինչեւ վարչապետ նշանակուիլը` նահանգի գլխաւոր գանձապետը:

Յիշեցնենք, որ Գլատիս Պէրէճիքլեան 2013-ին Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի Խորհրդարանի պատգամաւորներու պատուիրակութեան հետ միասին այցելած է Արցախ, որմէ յետոյ յայտնուած է Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին» մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment