Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լավրովի Պատասխանը Ցնցում Յառաջացուցած Է Ատրպէյճանի Մէջ

Լավրովի Պատասխանը Ցնցում Յառաջացուցած Է Ատրպէյճանի Մէջ

by MassisPost

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լավրովի մամլոյ ասուլիսը իսկական ցնցում առաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ: Պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցին՝ Լավրով ըսած է, որ Ղարաբաղի իրավիճակն ու ռազմական գործողութիւնները Ատրպէյճանի ներքին գործը չեն:

Ան կտրուկ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան խնդիրը ուժային լուծում չունի, որ Ռուսիա 2011 թուականէն հանդէս եկած է միջադէպերու հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման օգտին:

Փաստացիօրէն, Լավրով ոչ միայն մերժած է ուժային լուծման Ատրպէյճանի իրաւունքը, այլ նաեւ նախատած Պաքուն, որ չի համաձայնիր Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին, որուն պատճառով հարցը չի լուծուիր:

Լավրովի յայտարարութիւնը Պաքուի մէջ ցնցում առաջացուցած է, իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները սկսած են արդարացումներ փնտռել անոր: Մասնաւորապէս, haqqin.az-ը գրած է, որ Լավրովի այդ պատասխանը սադրած են ատրպէյճանցի լրագրողները:

Յատկանշական է, ոչ միայն Լավրովի արձագանքը՝ չնայած ան առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ: Մի քանի տարի առաջ այդ յարաբերութիւնները խիստ սրած էին, երբ Պաքուի մէջ Փութինի ներկայութեամբ Սերգէյ Լավրովին «սխալմամբ» անպարկեշտ թրքական բառով դիմեցին: Այն ժամանակ շատ կը գրէին Լավրովի հայկական ծագման եւ անոր նկատմամբ Ալիեւի հակակրանքի մասին:

Հետաքրքրական է, որ Ատրպէյճան կը բարձրացնէ «հակաահաբեկչական գործողութեան» գաղափարը Մոսկուայի մէջ: Կարելի՞ է ենթադրել, որ Ատրպէյճան անոր համար կը փորձէ հասնիլ Երեւանի ԵԱՀԿ գրասենեակի փակման եւ չի համաձայնիր հետաքննութիւններու մեքենականութիւններու ներդրմանն ու ԵԱՀԿ լիազօրագրի ընդլայնման:

Ըստ ամենայնի, Ատրպէյճան չէ մոռցած, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին Ռուսիոյ հետ համատեղ Ղարաբաղի մէջ պատժիչ գործողութիւններ իրագործած է: Արդեօք Պաքու ներկային ալ այդ «իրաւունք» կ’ուզէ ստանալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment