Հալէպի իրավիճակի կայունացման զուգահեռ Հայաստան բնակող սուրիահայերու մօտ տրամադրուածութիւն կայ երթալ Սուրիա եւ տեսնել, թէ ինչ կատարուած է այնտեղ: Բայց անոնք այս փուլին ցանկութիւն չունին ընտանիքով տեղափոխուիլ Սուրիա: Այս մասին ըսաւ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ սուրիահայերու հարցով ստեղծուած յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեան:
«Հալէպը պէտք է վերականգնուի, բայց արդեօք ամէն ինչ աւարտուած է, թէ՞ սա ժամանակաւոր է: Այսինքն՝ ամէն ինչ պէտք է նայել ժամանակի մէջ, բայց իրենք ասում են՝ գնանք եւ տեսնենք, թէ մեր ունեցուածքն ինչ վիճակում է» ,- ըսաւ Ֆիրտուս Զաքարեան:
Անոր խօսքով՝ սուրիահայերու մօտ կայ նաեւ այնպիսի տրամադրուածութիւն, որ պէտք է մնան այստեղ, քանի որ երեխաները արդէն 4-5 տարի է այստեղ են, համալրուած են, արդէն գրեթէ արեւմտահայերէն չեն խօսիր:
Պաշտօնեայի տեղեկացմամբ՝ այսօր ալ սուրիահայերու հոսքը Հայաստան կը շարունակուի: Ամէն Ուրբաթ Պէյրութ-Երեւան չուերթով Հայաստան կու գան սուրիահայ ընտանիքներ, օրինակ, նախորդ Ուրբաթ եկած է 13, այսօր՝ 7 մարդ:
Ֆիրտուս Զաքարեանի տեղեկացմամբ՝ այսօր Հայաստան բնակող սուրիահայերու թիւը աւելի քան 20 հազար է: