Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Կողմէ «Երկաթէ Գմբէթ»-ի Ձեռքբերումը Վտանգաւոր Է Ամբողջ Կովկասի Համար

Պաքուի Կողմէ «Երկաթէ Գմբէթ»-ի Ձեռքբերումը Վտանգաւոր Է Ամբողջ Կովկասի Համար

by MassisPost

Բացառուած չէ, որ Ատրպէյճանը շուտով Իսրայէլէն ձեռք բերէ «Երկաթէ Գմբէթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը: Այս մասին յայտարարեց Միջազգային յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու հիմնարկի ղեկավար Ստեփան Սաֆարեանը:

Անոր խօսքով՝ չնայած «Երկաթէ Գմբեթ» ՀՀՊ-ն գնելու մասին տեղեկութիւնը պաշտօնապէս չէ հաստատուած, Իսրայէլական լրատուամիջոցները զայն չեն հերքած: «Տուեալ դէպքում անհանգստութիւն է յարուցում ոչ միայն Հայաստանի առումով, այլեւ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանի»,- նշեց փորձագէտը:

Սաֆարեանի կարծիքով, որ Հայաստան ի սկզբանէ պէտք է այնպիսի քաղաքականութիւն վարէր, որ կ’արտայայտուէր ընդդէմ Կովկասի սպառազինման: «Դրա փոխարէն, մենք ներքաշուեցինք սպառազինութեան մրցավազքի մէջ, իսկ այժմ մտածում են, ինչ անել դրա հետ»,- եզրափակեց փորձագէտը:

Սաֆարեան, Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահուի Պաքու այցելութիւնը մեկնաբանելով, ըսաւ թէ Հայաստանը Ատրպէյճանին եւ Իսրայէլին պէտք չէ թոյլ տայ այդքան խորացնել երկկողմ համագործակցութիւնը։

Անոր խօսքով՝ այդ համագործակցութեան հետեւանքները Հայաստան իր վրայ զգացած է քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, երբ Պաքուն գործի դրած էր Իսրայէլէն գնած անօդաչու սարքերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment