Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Քիւրտ Քաղաքապետը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Քիւրտ Քաղաքապետը

by MassisPost

Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնէն օրերս հեռացուած  քիւրտ Ահմէթ Թուրք, որ բազմաթիւ անգամներ ներողութիւն խնդրած է Հայոց Ցեղասպանութեան համար, այսօր 21 Նոյեմբերին ձերբակալուած է: Ձերբակալութիւնը թրքական իշխանութիւնները վերագրած են ահաբեկչութեան դէմ կատարուող հետաքննութեան: Այս մասին տեղեկացուցած է թրքական «Անատոլու» գործակալութիւն:

Նշենք, որ 17 Նոյեմբերին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը քաղաքապետի պաշտօնէն հեռացուցած էր Ահմէթ Թուրքը: Անոր նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած էր «պետութեան միութիւնն ու միասնականութիւնը խախտելու, զինուած ահաբեկչական խմբաւորման գումար տալու եւ անդամագրուելու, պաշտօնական դիրքը չարաշահելու, թուրք ժողովուրդը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը նուաստացնելու» մեղադրանքներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment