Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԸՕ-ի Փոփոխութիւններու Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցմամբ

ԸՕ-ի Փոփոխութիւններու Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցմամբ

by MassisPost

Քննադատելով ու անթոյլատրելի համարելով շարք մը դրոյթներ՝ ընդդիմադիրները այսօր կողմ քուէարկեցին Ընտրական օրենսգքրի փոփոխութիւններու նախագծին՝ իշխանութիւններէն պահանջելով մինչեւ երկրորդ ընթերցմամբ քուէարկութիւնը շտկել փաստաթուղթը:

Ընդդիմութեան վերջին 15 տարիներու ամենագլխաւոր պահանջը՝ ընտրութիւններուն մասնակցած անձանց ցուցակներու հրապարակումը նախագիծին մէջ առկայ է: Խորհրդարանական փոքրամասնութեան, կը մտահոգէ ընտրակեղծարարութեան մասին ոչ ճիշդ ահազանգերու քրէականացումը:

ՀԱԿ պատգամաւոր Գագիկ Ճհանգիրեանը յայտարարեց, թէ նախագիծը չի տարանջատէր միտումնաւոր եւ անզգուշութեամբ եղած կեղծ յայտարարութիւնները, ինչը, ըստ նախկին զինդատախազի, անընդունելի է․- «Այսինքն մենք սուտ մատնութեան կամ սուտ ցուցմունք տալու նոյն նորմը կիրառում ենք աւելի պարզեցուած՝ նաեւ անզգոյշ մեղքի պայմաններում, ինչը անընդունելի է քրէական իրաւունքում եւ պրակտիկայում: Էս խնդիրը, եթէ համաձայնութեան կը գան, բոլորին կոչ անեմ կողմ քուէարկել»:

Նախագծի համաձայն, եթէ ցուցակներու հրապարակումէն յետոյ քաղաքացին կրկնակի կամ ուրիշի փոխարէն քուէարկելու յայտարարութիւն տայ, եւ ընտրական յանձնաժողովը 48 ժամուան ընթացքին ընտրակեղծարարութիւնը հերքող ապացոյցներ չի ներկայացնէր, ապա այդ յայտարարութիւնը հաւաստիութեան կանխավարկածով կը համարուի ճիշդ:

Նախագիծին դէմ քուէարկած եզակի պատգամաւորներէն Խաչատուր Քոքոբելեանը պնդեց, որ այս դրոյթով ստորագրուած մատեաններու հրապարակումը անիմաստ կը դառնայ:

Մայիսին ընդունուած նոր Ընտրական օրենսգիրքը, ընդդիմութեան պահանջով, փոփոխութեան կ′ենթարկուի արդէն երկրորդ անգամ: Առաջին փոփոխութիւնները, որոնցմով կը նախատեսուէր ընտրութիւնը թոյլատրել միայն նոյնականացման քարտերով եւ ստուգել քաղաքացիներիու տասը մատնահետքերը, կեանքի չկոչուեցան՝ գիտարուեստական պատճառաբանութեամբ:

Փոխարէնը իշխանութիւնները ի վերջոյ համաձայնեցան հրապարակել ստորագրուած մատեանները, եւ 4+4+4 ձեւաչափումով ընդդիմութեան հետ նոր համաձայնագիր ստորագրուեցաւ:

ԲՀԿ ղեկավար Նաիրա Զօհրապեանը այսօր մտավախութիւն յայտնեց, որ կառավարութիւնը կրկին կը փորձէ տապալել գործընթացը:

Իշխող Հանրապետականի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը փոփոխութիւնները ձախողելու ցանկութիւն չունի․- «Խիստ են գնահատականները: Որեւէ միտում չկայ հիմնական զեկուցողի կողմից․ կան տարբեր կոմենտարիաների արդիւնքներ, որը մենք պէտք է քննարկման արդիւնքում աշխատենք շտկել»:

Ընդդիմութեան մտահոգութիւնները փորձեց փարատել նախագիծի հեղինակ, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը: ան յայտարարեց.- «Եթէ խօսքը վերաբերում է անփութութեանը, այսինքն՝ անզգուշութեան որոշակի տեսակի, ապա քրէական պատասխանատուութիւնն աւելի մեղմ է, այն կը լինի նուազագոյն աշխատավարձի 200-ապատիկից մինչեւ 800-ապատիկը, կամ ազատազրկում մինչեւ երկու տարի ժամկէտով: Այսինքն, էական մեղմում տեղի ունեցաւ այստեղ»:

Ընտրութիւններուն մասնակցած անձանց ցուցակներու հրապարակումէն բացի, նախագիծով կ′առաջարկուի բոլոր երկու հազար տեղամասերուն մէջ տեղադրել տեսախցիկներ, ուղիղ հեռարձակել քուէարկութեան ամբողջ գործընթացը ու հաշուարկը: Կը նախատեսուի նաեւ խստացնել ընտրակեղծարարութեան յօդուածները՝ տուգանքը փոխարինելով ազատազրկմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment