Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համաձայնագիրը Խախտուեցաւ՝ Վանաձորի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ ՀՀԿ-ականը

Համաձայնագիրը Խախտուեցաւ՝ Վանաձորի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ ՀՀԿ-ականը

by MassisPost

Վանաձորի 33 հոգիանոց աւագանին  Հոկտեմբեր 10-ին ընտրեց քաղաքապետ։ Հաշուիչ յանձնաժողովը ամփոփեց տուեալները։ Ըստ այդ՝ 19 ձայն ստացաւ ՀՀԿ-ական Մամիկոն Ասլանեան, 14 ձայն՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի թեկնածուն՝ Քրիստ Մարուքեան։

«Աւագանիի նիստերը դեռ պիտի սկսին, եւ պիտի բացայայտուի, թէ ով դէմ քուէարկած է,- նիստէն յետոյ յայտարարեց «Լուսաւոր Հայաստանի» ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը,- «հանրութիւնը կ′իմանայ, թէ ինչ տեղի ունեցած է»։ Ըստ Մարուքեանի՝ այս ճնշումներու, ահաբեկումներու արդիւնք էր.  «Եւ անոր համար մենք կ′առաջարկէինք բաց քուէարկել. զանգեր, տարբեր կարգի ճնշումներ եղած են։ Որեւէ կորսնցնելու բան չունինք, այս ալ ընթացք է, առաւել հանգամանք մըն է, որ արձանագրուեցաւ, ես այս յաղթանակ չեմ համարէր ՀՀԿ-ի համար. այդ չի կրնար ապագայ ունենալ»։

Էտմոն Մարուքեանը յիշեցուց աստուածաշնչեան սկզբունք մը. «Չար ծառը բարի պտուղ չի կրնար տալ»։

Յիշեցնենք, 2 օր առաջ քաղաքական 3 ուժեր՝ «Լուսաւոր Հայաստանը», «Հայկական վերածնունդը» եւ ԲՀԿ-ն ստորագրեցին համաձայնագիր՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցիլ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի թեկնածուին՝ Քրիստ Մարուքեանին։ Այդ պարագային, վերջինս կը ստանար 18 ձայն եւ կը դառնար քաղաքապետ։

Բալասանեան՝ Գիւմրիի քաղաքապետ. ընդդիմադիր երեք ուժերը բոյկոտեցին աւագանիի նիստը

Գիւմրիի աւագանին այսօր անդրանիկ նիստը գումարեց, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2-ի ընտրութիւններուն յաղթած «Բալասանեան դաշինք»-ի ցուցակը գլխաւորող Սամուէլ Բալասանեանի՝ որպէս նորընտիր քաղաքապետի, երդման արարողութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Բալասանեան Գիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2012 թուականի սեպտեմբերէն։

Աւագանիի ընդդիմադիր երեք ուժերը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայկական վերածնունդ» եւ ԳԱԼԱ կուսակցութիւնները բոյկոտեցին եւ չմասնակցեցան նիստին։

Յիշեցնենք, թիւ 34 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովը, հիմք ընդունելով ընտրական տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու արձանագրութիւնները, վերահաշուարկի արդիւնքները, քուէարկութեան արդիւնքներու վերաբերեալ ընդունած որոշումները, երէկ  ամփոփեց   Գիւմրիի մէջ հոկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքները։

Ըստ այդ՝ ընտրութիւններուն իբր արդիւնք 6 տոկոսի շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժերու միջեւ Գիւմրիի 33 անդամներէն կազմուած աւագանիներու խորհուրդի լիազօրագրերը բաշխուեցան հետեւեալ կերպով՝ իշխանական «Բալասանեան դաշինք»-ը, որ կը սատարէ գործող քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանին, ստացաւ 17 լիազօրագիր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան բաժին հասաւ 8 լիազօրագիր, «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութեան՝ 4 լիազօրագիր, ԳԱԼԱ կուսակցութեան՝ 4 լիազօրագիր ։

Երեք ընդդիմադիր ուժերը  յայտարարեցին , որ կը դիմեն դատարան՝ վիճարկելու յանձնաժողովի որոշումը։ Անոնց պնդմամբ, ըստ օրէնքի, «Բալասանեան դաշինք»-ին 15 լիազօրագիր պէտք է տրամադրուէր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment