Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արիւնալի Օր Հալէպի Մէջ՝ Զոհուած են Հինգ Հայեր եւ Վիրաւորուած Տասը

Արիւնալի Օր Հալէպի Մէջ՝ Զոհուած են Հինգ Հայեր եւ Վիրաւորուած Տասը

by MassisPost
miray-arman

Միրէյ եւ Արման Հինտոյեան

Հալէպի հայկական թաղամասերը անգամ մը եւս յայտնուած են պատերազմական ծանրագոյն իրավիճակի մը մէջ: Այսօր հրթիռներ ինկած են յատկապէս Վիլլաներ, Նոր Գիւղ եւ այլ շրջաններու վրայ:  Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են հինգ հայեր եւ վիրաւորուած տասը:

Ըստ «Արևելք» կայքէջին՝ հրթիռներ ինկած են Մազլումեան հիւանդանոցի թաղամասին մէջ գտնուող նպարավաճառ Շանոյեանի վաճառատան մօտ ու  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ եղող բնակարանի մը վրայ:

Հալէպի մէջ այսօր զոհուած են 12 տարեկան Արման Հինտոյեանը եւ 21-ամեայ  քոյրը՝ Միրէյ Հինտոյեան, վիրաւորուած է իրենց մայրը՝ Պէթին:

Ծիլա Ճապախճուրեան

Ծիլա Ճապախճուրեան

Հալեպահայ միւս զոհերն են Ծիլա Ճապախճուրեանը,  Հասմիկ Կիրակոսեան-Պերեճիքեանը ու Փիեր Հարիրոն:

Վիրաւորներ մէջ կան ինչպէս թեթեւ նոյնպէս ծանր վնասուածքներ ստացածներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment