Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Լրատուամիջոցը Անհանգստացած է Հայաստանի Սպառազինութեան Մէջ «Iskander-M»-ի Առկայութենէն

Թրքական Լրատուամիջոցը Անհանգստացած է Հայաստանի Սպառազինութեան Մէջ «Iskander-M»-ի Առկայութենէն

by MassisPost

Թրքական իշխանամէտ «Dunyabulteni» լրատուական կայքը անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած  ռուսական արտադրութեան «Իսքանտար-Մ» մարտավարական հրթիռային համակարգին:

Կը նշուի, որ «Իսքանտար-Մ»-ի կրակի արձակման առաւելագոյն հեռահարութիւնը կը հասնի 500 քմ-ի, ինչը վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ Արեւելեան Անատոլու կոչուող տարածքի համար, որ կ’ընդգրկէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը:  Կից ներկայացուած քարտէզը  ցոյց կու տայ  Իսքանտարի հարուածի հեռահարութեան տակ յայտնուող ռիսքային գօտիները:

iskander-range

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment