Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ հիմնադրուած Անուշաւան Աբրահամեան Կրթական Հիմնադրամը հաւատարիմ մնաց իր առաքելութեան եւ մէկ անգամ եւս քայլ կատարեց Հայաստանի շրջաններու երիտասարդութեան խոստումնալից ապագայի կերտման ճանապարհով: Այս նոր նախաձեռնութեան իրականացմամբ հասանելի դարձան այնպիսի արհեստներու եւ մասնագիտութիւններու ուսումնառութիւնը, որոնց շնորհիւ պատանիները կարելիութիւնը կ՛ունենան լաւ աշխատանք ունենալ ապագային՝ չհեռանալով հայրենի քաղաքներէն ու գիւղերէն: Անուշաւան Աբրահամեան Կրթական Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ Ինֆորմացիոն Տեխնոլոգիաներու Ձեռնարկութիւններու Միութեան (ԻՏՁՄ) հետ համագործակցութեան որպէս արդիւնք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան երկու ուսումնական հաստատութիւններէն մներս հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուեցան ճարտարապետական տարրալուծարաններ: Հաշուի առնելով այն փաստը, որ այս ծրագիրին միջոցով աշակերտները հնարաւորութիւն կը ստանան ուսումնասիրել համակարգչային ծրագրաւորումը, եռաչափ տպագրութիւնը, ռոպոթաշինութեան ծրագրաւորումը, ստեղծումն ու կառավարումը՝ այսպիսով նոր դուռ բացուեցաւ դէպի հանրակրթական ուսումնական ծրագրին մէջ չներառուած նոր ոլորտներ: Այս մասնագիտութիւնները աշխատանք ունենալու նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն, քանի որ ՏՏ ոլորտը նոր մասնագէտներու մեծ պահանջարկ ունի: Այսպիսով՝ ԱԱԿՀ-ն անչափ գնահատելի այս նախաձեռնութեան համար՝ արժանացավ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան բարձր գնահատանքին: Իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու համար նաեւ այն ուրախութեամբ ստանձնեց նորաբաց տարրալուծարանները բարձր որակաւորմամբ դասախօսներով ապահովելու պարտաւորութիւնը:
Առաջին ճարտարապետական տարրալուծարանը՝ յագեցած եօթ համակարգիչներով, եռաչափ տպիչով, շառափային հաստոցով եւ ռոպոթաշինութեան հաւաքածուով, բացուեցաւ Արմաւիրի Ինտուսթրիալ Մանկավարժական Պետական Գոլէճին մէջ: Բացման արարողութեան ներկայ էին Արմաւիրի մարզպետարանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք եւս կրթութեան ոլորտէն ներս ներդրած բարձր աւանդի համար շնորհակալական պատուոգիր յանձնեցին ամերիկահայ մեծանուն բարերար Անուշաւան Աբրահամեանին:
Երկրորդ ճարտարապետական տարրալուծարանը բացուեցաւ Մարալիկի Պետական Արհեստագործական Ուսումնարանէն ներս, որով Շիրակի մարզի պատանիներուն համար ստեղծուեցաւ բացառիկ հնարաւորութիւն՝ զբաղուիլ տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ հմտանալ ճարտարապետական կրթութեան մէջ: արդէն Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ կը մեկնարկեն առաջին դասընթացքները՝ նախատեսուած վեց տարբեր դասաժամերով: Տեղին է նշել, նաեւ որ դասընթացքները կիրականացուին անվճար հիմունքներով, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողներու աւելի լայն շրջանակ ընդգրկել տարրալուծարանի աշխատանքներուն մէջ: Տարրալուծարանէն ներս ծաւալուող յետագայ դասընթացքները շարունակական կերպով կը խրախուսուին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան կողմէ, քանզի այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը կը նկատուի, որպէս ուղեղի եւ միտային ուժի ճիշդ համադրման գերազանց օրինակ: Մեծարգոյ բարերար Անուշաւան Աբրահամեանի այս նախաձեռնութիւնն աննախադէպ յառաջընթաց է հանրային կրթութեան համար, որովհետեւ այն կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ առաջին ծրագիրը, զոր հասանելի կը դարձնէ ճարտարապետական ոլորտի ուսումնասիրութիւնները, նաեւ միջին մասնագիտական կրթական հաստատութիւններուն:
ԱԱԿՀ-ն Կը շարունակէ յառաջ ընթանալ՝ հաւատալով եւ իրագործելով այսպիսի ծրագիրներ, որոնք Հայաստանի երիտասարդ սերունդներուն համար աւելի կայուն եւ խոստումնալից ապագայ կը ստեղծեն:
Լրացուցիչ տեղեկութեան համար կրնաք այցելել www.aaefund.org կայքէջը կամ ԱԱԿՀ-ի հետ կապ հաստատել հետեւեալ [email protected] հասցէով: