Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Ֆէթհուլլահ Կիւլէն Հայ Է»

«Ֆէթհուլլահ Կիւլէն Հայ Է»

by MassisPost

«Օսմանեան Օճախներ» հիմնարկութեան ընդհանուր նախագահ Խայրուլլահ Պէյազետ պնդեց որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն հարազատ հայ մըն է: Ան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրատարակած է, որ Ֆէթհուլլա Կիւլէն  էրզրումցի հայ մըն է, անոր եղբօր անունը ՝ «Մէսիհ», իսկ մօր  «Րապին» կը կոչուի:

«Օսմանեան Օճախներ»  հիմնարկութեան նախագահը պնդած է,  որ իր ըսածները ճշմարտութիւն են եւ եթէ հակառակը փաստուի, ինք պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն:

MHP Կուսակցութեան անդամ եւ իր հայատեաց կեցուածքներով յայտնի   պատգամաւոր Եուսուֆ Հալաճօղլու, նոյն օրակարգով խօսելով   ըսած է ՝«Ֆէթհուլլահ Կիւլեն հայկական ծագում ունի եւ անոր մեծհայրը Էրզրումի մէջ գործօն դեր կատարած է թուրքերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment