Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տասնեակ Վիրաւորեալներ Երեւանի Մէջ. Բռնութիւն Լրագրողներու Դէմ

Տասնեակ Վիրաւորեալներ Երեւանի Մէջ. Բռնութիւն Լրագրողներու Դէմ

by MassisPost

Տասնեակ  վիրաւորեալներ    փոխադրուած են Երեւանի տարբեր հիւանդանոցները: Ըստ  լրատուական աղբիւրներու  վիրաւորներուն թիւը կը հասնի  քսանի եւ անոնց  իրավիճակը  կը գնահատուի միջին ծանրութեամբ:  Բռնութիւն կիրառուած է   «Ազատութիւն»   ռատիօկայանի  «Արմէնիա»  հեռուստաընկերութեան  եւ «Ժամ», «Առաջին լրատուական» A1+  կայքերու   աշխատակիցներուն դէմ:  Նշենք, որ  ծանր վիրաւորում ստացած են` «Առաջին  լրատուական» կայքի լրագրող ՝ Մարիամ   Գրիգորեանն ու նկարահանող՝ Դաւիթ Յարութիւնեանը:

Իր կարգին  ոստիկանութեան  մամլոյ   վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան  ֆէյսպուքեան իր էջով գրառում մը կատարելով   յայտնած է, թէ անյապաղ քննութիւն պիտի բացուի լրագրողներուն  դէմ   եղած դէպքերուն  վերաբերեալ:  Միւս  կողմէ  ՊՊԾ  գունդի  կեդրոնին մասին  նոր  տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, նշենք, որ երէկ  յետմիջօրէին «Սասնայ ծռեր»  խումբի երեք զինեալներ վիրաւորուած էին: Զինեալներէն երկուքը` Արթուր Մելգոնեան եւ Արմէն  Լամբարեան փոխադրուած են  հիւանդանոց, մինչ  Արայիկ Խանդոյեան  յայտնի՝  «Միայնակ գայլ» անունով  մերժած է  դուրս  գալ ՊՊԾ  կեդրոնէն:

Այսօր լարուած  իրավիճակ կը տիրեր   Էրէբունի  ՊՊԾ կեդրոնի հարեւանութեամբ  գտնուող Խորենացի  փողոցին վրայ:  Ոստիկանութիւնը  պահանջած էր բոլոր քաղաքացիներէն շրջանէն հեռանալ,  մինչ  ընդդիմադիր շարժումի   ներկայացուցիչներ  կ’առարկէին այդ  պահանջին դէմ: Բուռն լեզուակռիւ  տեղի ունեցած է   յատկապէս «Ժառանգութիւն»  կուսակցութեան   անդամ  պատգամաւոր  Զառուհի  Փոսթանճեանի  եւ Երեւանի փոխ  ոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment