Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Երկու Զինեալներ Վիրաւորուած

«Սասնայ Ծռեր» Խումբի Երկու Զինեալներ Վիրաւորուած

by MassisPost

Ոստիկանութեան Էրէբունիի  ՊՊԾ  գունդի մէջ եղող «Սասնայ ծռեր» խումբի երկու զինեալներ  վիրաւորուած են: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Նախախորհրդարան»ը, որ նաեւ կը յաւելէ, թէ երէկ առաւօտեան  վաղ ժամերուն ոստիկանութիւնը կրակ բացած է ՊՊԾ տարածքին մէջ եղող  «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց  ուղղութեամբ, որուն  հետեւանքով  երկու զինեալներ՝  Աշոտ  Պետրոսեանն ու Յովհաննէս Յարութիւնեան  վիրաւորուած ու ապա հիւանդանոց փոխադրուած են:

Նոյն հաղորդագրութեան  մէջ կը նշուի, որ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Արթուր Սարգսեան  անունով  քաղաքացի մը իր սնունդով բեռնաւորուած  ինքնաշարժով  փորձած է հատել ոստիկանութեան կողմէ  դէպի ՊՊԾ կեդրոն  տանող  փակուած  ճամբան եւ հասնիլ  զօրակայան:  Սարգսեան ենթարկուած է ոստիկանութեան կրակներու  բայց յաջողած է հասնիլ ներս:

Ըստ  «Առաջին լրաատուական»ին, երէկ գիշեր  զինեալները վար առած են ոստիկանութեաան կողմէ  գործի դրուած անօդաչու  թռչող սարք մը, որ կը  փորձէր նկարահանումներ կատարել  տարածքին   վերեւ:

ԱԱԾ-ն  Յայտարարած է, որ կոշտ քայլերու պիտի դիմէ

Հայաստանի հանրապետութեանն «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն»ը (ԱԱԾ)    հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ   ստիպուած  պիտի ըլլայ յաւելեալ կոշտ   քայլերու դիմել կապուած Էրէբունի  շրջանի  ՊՊԾ  զօրակայանի  մէջ գտնուող  «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբի տղոց նկատմամբ:   ԱԱԾ-ն նաեւ կը յայտնէ, որ   զինեալ խմբակը      օրըստօրէ    աւելի  վտանգաւոր կը դառնայ եւ ցոյց կու տայ յանցաւոր զինալ խումբի մը   բոլոր հիմնական  յատկանիշները:

Նշենք, որ այսօր երեկոյեան եւս, ինչպէս անցնող օրերուն բողոքի  հաւաք պիտի կայացուի   Էրէբունիի յարակից   Խորենացի փողոցին վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment