Home ԱՅԼԱԶԱՆ Գրիգոր Երզնկացեան Արժանացած է Իռլանտայի Վիրաբոյժներու Թագաւորական Քոլէճի Բարձրագոյն Պարգեւին

Գրիգոր Երզնկացեան Արժանացած է Իռլանտայի Վիրաբոյժներու Թագաւորական Քոլէճի Բարձրագոյն Պարգեւին

by MassisPost

Իր բազմամեայ գործունէութեան եւ վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար մեծ մարդասէր եւ բարերար փրոֆէսոր Գրիգոր Երզնկացեան արժանացած է Իռլանտայի Վիրաբոյժներու Թագաւորական Քոլէճի բարձրագոյն պարգեւին` պատուաւոր անդամի կոչման:

Վաստակաշատ փրոֆէսոր Գրիգոր Երզնկացեան իր կեանքը նուիրած  է Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ափրիկէի բժշկութեան ոլորտի զարգացման, վիրաբոյժներու ուսուցման, որակեալ մասնագէտներ պատրաստելուն եւ իր մասնագիտական փորձը անոնց  փոխանցելուն:

Ան ծնած  է Եթովպիայի մէջ` Հայոց ցեղասպանութենէն  մազապուրծ ազատած հայ ընտանիքի մը մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հիւսիսային Ուելսի մէջ, իսկ 1963թ. ընդունուած  է Իռլանտայի վիրաբոյժներու թագաւորական քոլէճ: Այս ժամանակահատուածին մէջ ան արժանացած է շարք մը պարգեւներու եւ նաեւ բարձրագոյն վիրաբուժական գործողութիւններ կատարած է Տուբլինի մի քանի հիւանդանոցներուն մէջ:

Իռլանտայի մէջ վիրաբուժական փորձառութիւն ձեռք բերելէ յետոյ, վերադարձած  է Ափրիկէ: Այստեղ`  Զամպիայի մայրաքաղաք Լուսակայի մէջ իր վիրաբուժական գործողութիւններուն մեծ մասը կատարած է: Ան մի շարք կարեւոր վարչական պաշտօններ ստանձնած է, իսկ 1999թ. արժանացած է Զամպիայի համալսարանի վիրաբուժութեան փրոֆէսորի կոչման: Ան նաեւ եղած է Զամպիայի վիրաբուժական միութեան նախագահը:

Փրոֆէսոր Երզնկացեանը հեղինակ է ափրիկեան վիրաբուժութեան վերաբերեալ մեծ թուով աշխատութիւններու, որոնց մէջ ան կ’անդրադառնայ տեղային անզգայացման կարեւորութեան, արիւնավարակման եւ վնասուածքներու կանխարգելման, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի քաղցկեղով մեծ թիւով հիւանդներու բացայայտման հարցերուն:

Ափրիկայի պատշաճ վիրաբուժական համակարգի անհրաժեշտութիւնը յանգեցրած  է Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ափրիկէի վիրաբոյժներու համալսարանի ԱԿՀԱՎՀ ստեղծմանը, որու շարժիչ ուժն է փրոֆէսոր Երզնկացեանը: Ան համալսարանի խորհրդի ամենաերկարատեւ անդամն է.  նաեւ եղած է համալսարանի փոխնախագահը, նախագահը եւ ներկայիս` ռեկտորը:

Անոր անսպառ  եռանդին եւ մեծ նուիրումի շնորհիւ նորաստեղծ համալսարանը ոտքի կանգնած է` արձանագրելով բազմաթիւ յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Իր մեծ վաստակի եւ ներդրումի համար 2012թ. փրոֆէսոր Երզնկացեանն արժանացած է ԱԿՀԱՎՀ պատուաւոր անդամի կոչման:

2007թ. ԱԿՀԱՎՀ խոստումնալից համագործակցութիւն սկսած է Իռլանտայի վիրաբոյժներու թագաւորական քոլէճի հետ, որուն մէջ կրկին մեծ է փրոֆէսոր Երզնկացեանի դերը: Համագործակցութեան որպէս արդիւնք  ափրիկեան վիրաբուժութեան համակարգը մեծ բարեփոխումներ ունեցած է  եւ համալրուած է նորագոյն եւ ժամանակակից միջոցներով ու սարքաւորումներով: Տարածաշրջանում արձանագրուած է նաեւ ուսանող վիրաբոյժներու թուի մեծ աճ, ինչպէս նաեւ Զիմպաւուէյի մէջ, Զամպիայի մէջ  եւ Ռուանտայի մէջ մեծ թիւով ուսանողներ զարգացուցած են իրենց գիտելիքները եւ ծանօթացած են  հիմնական վիրաբուժական մեթոտներուն:

Փրոֆէսոր Երզնկացեանը պարբերաբար Հայաստան կÿայցելէ եւ վիրաբուժական եւ բարեգործական գործունէութիւն կը կատարէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment