Աւելի քան հինգ դարու հաւատաւոր, հետեւողական ու անդուլ պայքար մղեց հայ ժողովուրդը օտարի լուծէ դուրս գալու, իր ճակատագրի տէր դառնալու եւ ազատ, անկախ եւ գերիշխան հայրենիք մը ունենալու համար: Իր սրբազան ազգային ձգտումներու նուիրագործումը իր անկախութեան մէջ տեսնող Հայաստան’ այս օրերուն, կը պատրաստուի աննախընթաց շքեղութեամբ տօնախմբելու իր պատմական անկախութեան 20-րդ տարեդարձը:
Անտարակոյս, պատմական կարելի է համարել Հայաստանի Անկախութեան այս տարեդարձը պարզ այն պատճառաւ, որ ամբողջ դարեր, օտարի բիրտ, արիւնաքամ տիրապետութիւններու ներքեւ, իր իսկ հողին վրայ հալածուած, անիրաւուած եւ կոտորածներու ենթարկուած, բայց միշտ յուսակորով, լաւատես եւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը, տենդագին եւ խորը յամառութեամբ պայքարեցաւ իր երկրի անկախութեան ձեռքբերման համար: Ան մերժեց անձնատւութիւնը: Անդուլ եւ նպատակասլաց` կապուած մնաց իր սրբազան հողին, հայրենիքին եւ հաւատաց անոր լինելիութեան: Ան միշտ հաւատարիմ մնաց իր ազգային ժառանգութիւններուն, որոնք արտայայտութիւն գտան իր ազգային ինքնութեան, ծաղկուն մշակոյթին եւ հոգեմտաւոր հարստութիւններուն անվթար պահպանման մէջ: Ան հասաւ իր նպատակին, հանգրուաններով երեք անկախութիւններ, որոնք պատմականօրէն իրենց արձանագրութիւնը կը գտնեն առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւն բնութագրութիւններուն տակ:
Այդ ֆիզիքական անսպառ կորովին, հոգեմտաւոր արժանիքներուն եւ լինելիութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքին արգասիքը չէ՞ր միթէ Հայաստանի Մայիսեան Հանրապետութիւնը, որ Պայրոնեան բնութագրութեամբ` փիւնիկի նմանողութեամբ միշտ յարութիւն առնող հայ ժողովուրդը, կերտեց Սարդարապատեան առաջին արիւնաքամ այլապէս պարտադրուած Հանրապետութիւնը, թող որ, հասկնալի պատճառներով – ուր գերիշխող կը դառնային քաղաքականօրէն սխալ կողմնորուշմներն ու փորձառական կեանքի չգոյութիւնը – երկու տարուան կարճատեւ տեւողութիւն ունեցաւ, առանց կարենալու իր հայրենասիրութեան չափանիշով հայրենիք մը գոյացնելու:
Նոյնպէս, հայու նոյն այդ լիարժէք ազգային ոգին չէ՞ր միթէ, որ ծնունդ տուաւ Նոյեմբերեան Հայաստանին, որ աւելի քան ութ տասնամեակներու սահմանափակ ժամանակահատուածի մը մէջ, իր սպառած, թշուառ եւ շուարուն ժողովուրդին տուաւ իր թիկունքը: Ներշնչեց: Գործելու, արդիւնաւորելու, ստեղծագործելու եւ իր հողին կապուելու աննախադէպ ուժեղ ոգի, կորով եւ ներշնչում տուաւ’ կարենալ իր հաւաքական եւ հայրենական կեանքը կազմակերպելու, զօրացնելու եւ արդիւնաւորելու համար:
Արդարեւ, Հայաստան` պատահականութեան յուսահատեցուցիչ քմայքներուն թողլքուած, անտէր-անպաշտպան ու դիւրաբեկ սահմանները ամրապնդեց, զանոնք դարձնելով անխորտակելի վահաններու: Ան վերականգնեց իր պետական, ժողովրդական, ուսումնական, մշակութային, գիտական, շինարարական եւ ներհայրենական կեանքը: Վերանուաճեց իր ազգային արժանապատւութիւնը: Որպէս ընդունակ, առաջատառ եւ ստեղծագործ երկիր եւ ժողովուրդ` արժանաւորապէս մուտք գործեց յառաջադէմ երկիրներու համաստեղութեան շարքերէն ներս, թող որ, լուսանցքի վրայ մնային անոր դարաւոր ազգային ձգտումներու եւ հիմնահարցերու հետապնդման եւ նուիրագործման գործընթացը, անշուշտ հասկնալի պատճառներով:
Գերզօր Խորհրդային Միութեան անակնկալ անկումը ճամբայ բացաւ Հայաստանի առջեւ կատարելագործելու իր ժողովուրդի դարաւոր երազը, որ էր կոթողէ`լ իր անմնացորդ ամբողջական եւ լիիրաւ անկախութիւնը, որ կը պայմանաւորուէր իր «Ազատ, Անկախ եւ Գերիշխան սրբազան բովանդակութեամբ:
Ահա թէ ինչու՞, պատմական նշանակութիւն ունի մեր նորօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որու քսաներորդ տարեդարձը արդար հրճուանքով կը զեղու մէն մի հայորդիի բաբախուն սիրտը: Հպարտ է ան, որ աւելի քան հինգ դարու պատմութեամբ բազում տառապանքներէ, կեղեքումներէ, տուայտանքներէ, ենթակայական բարդոյթներու ենթակայ դառնալէ ետք, իր ժողովուրդը կը վերատիրանար իր կորստեալ անկախութեան: Խանդավառ է ան, անգամ անոր արձանագրած մասնակի ձեռքբերումներով, ըլլայ` ազգային, ըլլայ` միջազգային թատերաբեմերու վրայ: Անգամ այդ արձանագրուած մասնակի յաջողութիւնները, անցնող քսան տարիներուն, հեզասահ չանցան:
Անկախութեան ձեռք բերման սկզբնական տարիներուն, Ազերի վոհմակներու կողմէ կատարուած բորկրոմներ, թուրք ու ազերի շրջափակումներ, երկրաշարժ ու տնտեսական ճգնաժամեր, որոշապէս խոչընդոտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառուցողական գործընթացը, նաեւ, անոնց վրայ գումարուող` տիրող իշխանութիւններու կողմէ գործ դրուած սահմանադրական եւ ընտրական, արդարադատական զեղումները, իշխանութիւններու կողմէ կիրարկուած բռնարարքները, անպատիժ գոյարող ինչքի եւ կեանքի հաշուեյարները, սպանութիւնները եւ կաշառակերութիւնը – շարքը շատ է երկար բոլորը թուելու համար, եւ պատեհ ալ չէ Անկախութեան Քսանամեակի առիթով անոնց վրայ ծանրանալ – խոչընդոտեցին երկրի յառաջընթացը, պատճառ դառնալով տակաւ ընդհանրացում արձանագրող արտագաղթին` դէպի ներքին եւ արտաքին Սփիւռք, եւ այս` հայրենի իշխանաւորներու սառն ու անտարբեր նայուածքներուն տակ… Տխուր` բայց, ա’յս է պարզուած պատկերը մեր հայրենի անկախութեան քսաներորդ տարեդարձին, որուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը բառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ: Անոնք կառավարական օրակարգի նիւթ անգամ դարձուցած չեն արտագաղթը ցարդ: Ե՞րբ է, որ մեր ժողովուրդին երեք անկախութիւն շնորհած հայու ոգին զգաստութեան պիտի հրաւիրէ հայրենի մէն մի վարիչի` որ անխտրական ոգիով, անբասիր հայրենասիրութեամբ ծառայէ իր ազգին ու հայրենիքին:
Մենք կը հաւատանք, որ դարեր երկար մաքառումներու շնորհիւ մեր երկրէն խլուած անկախութեան վաւերական վերականգնումը բաւարար հաւաստիք է արձանագրուած այդ ապօրինութիւններու անյապաղ սրբագրութեան: Նաեւ« կը հաւատանք, որ այդ թերիներու անյապաղ սրբագրութիւնը պիտի արժեւորէ ոչ միայն ձեռք ձգուած անկախութիւնը, նաեւ` զանիկա նուիրագործող հայու ոգին:.
Ողջոյն եւ հազար փառք եւ պատիւ ստեղծագործ հայ ժողովուրդին`
Ողջո’յն եւ հազար փառք ու պատիւ հայու անմար ոգիին`
Ողջո’յն եւ հազար փառք ու պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան`
Հայաստանի Անկախութեան Քսաներորդ Տարեդարձին առթիւ: