Աւելի քան 1500 տարիներ առաջ, Պատմահայր Խորենացին կը գրէր. «Թէպէտ մենք փոքր ածու ենք եւ շատ սահմանափակ թիւով, զօրութեամբ տկար, եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեան տակ նուաճուած, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհի մէջն ալ քաջութեան շատ գործեր կան գործուած, գրելու եւ յիշատակելու արժանի»:
Եղեռնի 96 ամեակի նախօրեակին, մտաբերելով այս հաստատումը, հարց կու տանք մենք մեզի. ինչու՞ հակառակ 15 դարերու թաւալքին, «փոքր ածու» եւ «զօրութեամբ տկար» մնացինք: Մետալին միւս կողմը նայելով, անշուշտ հարցադրողներ ալ կրնան ըլլալ, որ հակառակ մեր սակաւաթիւ եւ տկար ըլլալուն, ի՞նչպէս դիմացանք մինչեւ հիմա: Մեր այս յօդուածով պիտի փորձենք պատասխանել այս հարցումներուն, նշելով այն ազդակները, որոնք նպաստեցին թէ՛ մեր տկարութեան եւ թէ՛ յարատեւման:
Որպէս նախաբան նշենք այն փաստը, որ երբ մեզմէ շատ աւելի ստուարաթիւ եւ զօրաւոր ազգեր անհետացած են այս աշխարհի վրայէն, ուրեմն այդ կը նշանակէ որ մենք օժտուած ենք որոշակի յատկութիւններով, որոնք ապահոված են մեր երթը դարերու ընթացքին: Ուրեմն մեզի կը մնայ վեր առնել այդ յատկութիւնները եւ ջանալ ծրագրաւորուած աշխատանքով տարածել եւ ամրապնդել զանոնք մեր ժողովուրդի մտայնութեան մէջ: Միեւնոյն ատեն, մետալին միւս կողմէն դիտելով այս հարցը, կ’արժէ դիտարկել որ երբ մեզմէ ետք եկած ու մեզմէ աւելի սակաւաթիւ ազգութիւններ յաջողած են ստուարանալ ու զօրանալ, ուրեմն մենք նաեւ ունինք որոշակի յատկութիւններ, որոնք արգելք հանդիսացած են մեր զարգացման: Մեզի կը մնայ նաեւ բացայայտել այդ յատկութիւնները եւ ջանալ սրբագրել զանոնք:
Սկսինք ուրեմն, նշելով մեր լինելութեան հետ առնչուող ազդակները, դրական թէ՛ ժխտական, ներքին թէ՛ արտաքին:
Հայաստան Երկրի Աշխարհագրութիւնը
Երկրի մը աշխարհագրութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի այդ երկրի բնակչութեան մտածելակերպի զարգացման գործընթացին վրայ: Հայաստանի լեռնային բնութիւնը զարկ տուած է իրարմէ տարանջատուած, տեղական շահեր հետապնդող ինքնավար շրջաններու կազմաւորման: Այս շրջաններուն մէջ զարգացած է տոհմային, հատուածական, նեղ մտածելակերպը, ի հեճուկս համազգային, աւելի լայն ու տարողունակ մտածելակերպի:
Անմիջական միջավայրի, այսինքն՝ մասնիկներու մտահոգութիւններով բոլորովին կլանուած ըլլալով, մեր ուշադրութիւնէն հեռու մնացած է ընդհանուրի, այսինքն՝ ամբողջի, ազգի գոյավիճակի բարօրութեամբ մտահոգուելու առաջնահերթութիւնը: Մասնիկները մինչեւ իսկ արգելք հանդիսացած են ամբողջի զարգացման, այլ խօսքով, կեդրոնական հզոր միութեան մը գոյառման: Նոյնիսկ այս յառաջացեալ դարուն մէջ, երբ փոխադրական եւ հաղորդակցական միջոցներու զարգացումը հեշտացուցած է ոչ միայն Հայաստան երկրի զանազան շրջաններու, այլ աշխարհով մէկ ցիրուցան սփիւռքահայ համայնքներու միջեւ շփման կապը, ակնյայտօրէն գերիշխող կը մնայ տոհմային մտածելակերպը: Թէ ի՞նչպիսի ժխտական դրսեւորումներ կը պարզէ այս տոհմային, հատուածական մտածելակերպը, այդ մասին աւելի մանրամասն կ’անդրադառնանք քիչ ետք:
Հայաստանի Աշխարհագրական Դիրքն ու Շրջապատը
Երկրի աշխարհագրութեան կողքին մեծ է նաեւ այն ազդեցութիւնը, որ երկրի աշխարհագրական դիրքն ու շրջապատը ունին բնակչութեան մտածելակերպի կազմաւորման մէջ: Ո՞ր ցամաքամասի վրայ գտնուելու, ծովային ելք ունենալու կամ չունենալու, մեծ թէ փոքր պետութիւններով, բարեկամ թէ թշնամի երկիրներով շրջապատուած ըլլալու իրականութիւնը, բոլորովին տարբեր ուղղութիւններով կ’ընթացնէ տեղի բնակչութեան մտածելակերպի կազմաւորումը: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը ընդհանրապէս ժխտականօրէն ներկայացուած է մեր պատմութեան մէջ, որպէս կռուախնձոր շրջանի մեծ պետութեանց եւ կամ որպէս խաչմերուկ՝ ասպատակող բանակներու:
Հարիւրամեակներ շարունակ օտարին ենթակայ դարձած ու թշնամիներով շրջապատուած հայութեան վիճակը հասած էր այնպիսի յուսահատական մակարդակի, որ ըստ մեր սերտողութեանց, մանաւանդ 1890ականերէն մինչեւ Եղեռնի նախօրեակ, այս հարցը հրատապ դարձած էր մեր կարգ մը սրտցաւ մտաւորականներու համար: Հայութեան ապագան վտանգուած համարելով իր բնօրրանին մէջ, անոնք չեն վարանած նոյնիսկ ծայրայեղ ու անսովոր լուծման առաջարկներ ներկայացնելէ:
Ըստ Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» շարքի 1924 հատորին մէջ լոյս տեսած «Հայ Ազգին Փրկութիւնը» յուշագիր-ծրագրին, 1896 Մարտին ռուսահայ ծանօթ անձնաւորութիւն մը անստորագիր այս տեղեկագիրը ներկայացուցած է Իզմիրլեան պատրիարքին: Վերլուծելէ ետք հայերու դարաւոր դժբախտութեանց պատճառները, ան կ’առաջարկէր «հիմնովին եւ վերջնական գաղթականութիւն մեր պատմական Հայրենիքից» ու նոր Հայաստանի մը հիմնումը… Քանատայի Բրիտանական Քօլօմպիայի մէջ (Վանքուվըր): Ուրիշ ազգային մը, Յ. Պապիկեան անունով, 1911 թէ՞ 1912 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակած է հատոր մը (որ կը գտնուէր Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանին մէջ եւ զոր հազիւ ժամ մը առիթը ունեցանք թերթատելու 1979ին), ուր կ’առաջարկէր Արեւմտահայութիւնը գաղթեցնել դէպի Քալիֆորնիոյ Ֆրէզնօ քաղաքը:
Պատմական հայրենի երկիրը նորով մը փոխարինելու այս ծայրայեղ ու անսովոր առաջարկները կու գան փաստելու, որ հայութեան բարօր ապագայ մը ապահովելու հեռանկարը ի՞նչպիսի մտածումներու մղած է մեր կարգ մը ազգայինները: Սակայն պատմութիւնը մեզի կը յուշէ, որ զանգուածային գաղթերն ու հողային փոխանակումները ոչ միայն ժխտական անդրադարձ ունեցած են մայր երկրի վրայ, այլ ժամանակաւոր խաբուսիկ յաջողութիւններէ ետք, ի վերջոյ յանգած են ամբողջական կորուստի: Վկայ՝ Արծրունեաց Սենեքերիմ թագաւորի օրինակը, որ 1016 թուականին Սելճուքեան առաջին արշաւանքին ի տէս, Տայոց աշխարհի եւ Վասպուրականի իր թագաւորութիւնը (8 քաղաք, 4400 գիւղ, 72 բերդ) փոխանակեց Սեբաստիայով եւ աւելի քան 40000 բնակիչներով փոխադրուեցաւ հոն: Վկայ՝ պատմական Հայկական Բարձրավանդակէն դուրս հիմնուած Կիլիկիոյ Ռուբինեան թագաւորութեան օրինակը: Վկայ՝ Լեհաստանի եւ Հնդկաստանի երբեմնի հարուստ գաղութներու օրինակները: Վկայ՝ հալումաշ դարձող ներկայ Սփիւռքահայ համայնքներու օրինակները:
Անկախ Պետականութիւն
Անկախ պետականութիւն կրնան նուաճել եւ պահել միայն այն ազգերը, որոնց մօտ գերակշռող է ընդհանուրի, համազգային շահերու գիտակցութիւնը: Երբ անհատական կամ հատուածական շահերու հետապնդումը կը դառնայ տիրական վարքագիծ, ապա անկումը կը դառնայ անխուսափելի: Մեր պատմութեան անկախ թագաւորութիւններու կամ պետականութեանց անկման պատճառները աւելի վերագրելի են մեր ներքին անհամաձայնութեանց եւ պառակտումներու, քան՝ արտաքին ազդակներու: Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի նշանաւոր ազդարարութիւնը՝ չփոխարինել հարազատ հիւանդ ոչխարը օտարի առողջ գազանով, պատկերաւոր ձեւով կը յստակացնէ այս իրականութիւնը:
Անկախութիւնը այն բարձրագոյն արժանիքներէն մին է, որուն պէտք է ձգտի ամէն մէկ անհատ, ինքզինք ձերբազատելով նիւթական թէ բարոյական կախեալ վիճակներէ, մոլութիւններէ եւ յոռի բարքերէ: Ինչպէս Մահաթմա Կանտի նշած է, անհատ քաղաքացիներու ներքին անկախութեան ձգտումն ու տիրացումը, նախապայման է երկրի մը արտաքին անկախութեան նուաճման: Երբ ժողովուրդի առաջնորդող եւ կարեւոր հատուածի մօտ ամրապնդուած է այս գիտակցութիւնը, ապա հաստատուն է այդ երկրի անկախութիւնն ու ապագան: Իսկ երբ չկայ, ապա վտանգուած է անոր գոյութիւնը:
Արտագաղթ
Վերը նշած մեր օրինակներէն յստակօրէն կրնանք հետեւցնել, որ մայր երկրէն արտագաղթը մեզ տկարացնող, մեր ուժը ջլատող մեծագոյն պատճառներէն մին եղած է: Օտարի կանաչ արօտավայրերը միշտ ալ անզսպելի քաշողական ուժ մը հանդիսացած են հային համար: Ու հայը արտագաղթած է իր երկրէն, շէնցնելու համար օտարի հողը: Օտար պետութիւններն ալ լաւագոյնս շահագործած են հային այս տկարութիւնը, սիրաշահելով զինք ու ժամանակի ընթացքին ձուլելով իր մէջ:
Պէտք չունինք հարիւրամեակներ ետ երթալու եւ հին օրինակներ նշելու: Նայինք մեր շուրջը այսօր: Հայաստանի անկախութիւնէն ի վեր, հոնկէ արտագաղթողներու ջախջախիչ տոկոսը հաստատուած են ԱՄՆի եւ Ռուսիոյ մէջ: Ի տէս իրենց բնակչութեան աճի տոկոսային դանդաղեցման, Արեւմուտքը եւ Ռուսիան կը հետապնդեն այդ մէկը հաւասարակշռել ընտրեալ թեկնածուներով: Մանաւանդ մեր այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկեր Ռուսիան, որ ձրի բնակարաններու եւ փոխադրամիջոցներու, ինչպէս նաեւ աշխատանքի ապահովութեան եւ քաղաքացիութեան հայթայթումով, իր երկրի ծայրամասերը կ’ուզէ բնակեցնել հայերով, պատճառ դառնալով Հայաստանի գիւղերու դատարկման:
Ժամանակին Բիւզանդիան վարեց այդ քաղաքականութիւնը, տկարացնելով իր կայսրութեան ծայրամասին գտնուող Հայաստանը, առիթը տալով թուրք-թաթար ցեղախումբերու, որ այդ ճամբով ներխուժեն, հասնելու եւ գրաւելու Կոստանդնուպոլիսը ու վերջ տալու կայսրութեան գոյութեան:
Դարերու ընթացքին Հայաստանի թալանի ու աւերածութեանց, հայութեան կրած ջարդերու եւ կոտորածներու գլխաւոր պատճառներէն մին, արտագաղթի պատճառաւ մեր պատմական հայրենիքի մէջ մեր թուաքանակի նուազումն է: Որը դժբախտաբար կը շարունակուի եւ ահազանգային վիճակի հասած է:
Ձուլում եւ Կրօնափոխութիւն
Ձուլման եւ կրօնափոխութեան ազդակները սերտօրէն կապուած են արտագաղթի ազդակին հետ եւ ատոր բնական շարունակութիւնն են: Այստեղ կ’ուզենք արծարծել հետաքրքրական տեսակէտ մը, որ արժանի է ազգագրական ու մարդաբանական խոր ուսումնասիրութեան: Մեր կարծիքով, մինչեւ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումը, մենք յաջողած ենք մեր մէջ ձուլել ու հայացնել օտարները: Սակայն Արշակունիներու անկախ պետականութեան կորուստէն ետք, 6րդ դարէն սկսեալ մենք սկսած ենք ձուլուիլ օտարներու մէջ: Արշակունիները հայ չըլլալով հանդերձ, ոչ միայն հայացան, այլ մեզի պարգեւեցին Քրիստոնէական կրօնք եւ սեպհական գիր ու գրականութիւն:
Տրդատ Գ., Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Վռամշապուհ թագաւոր Պարթեւ ծագումով հայեր էին, որոնք անուրանալի ներդրում ունեցան հայ ազգի գոյատեւման պայքարին մէջ: Յստակ է, որ կեդրոնաձիգ անկախ պետութեան մը բացակայութեան պարագային, շատ աւելի դժուար է ձուլման դէմ պայքարիլը: Միջանկեալ ըսենք, որ այս իրականութեան համոզուած պէտք է ըլլային Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջնորդները Արշակունեաց թագաւորութեան տկարացումին ի տէս, ու հետեւաբար փորձած այդ բացը գոցել եկեղեցիի հզօրացումով:
Եղիշէի «Վարդանանց Պատմութիւն»ը, որ փաստագրական պատմութիւն ըլլալէ աւելի դիւձազներգութիւն է, այս պրիսմակով պէտք է դիտել: Հետեւաբար մեծ եղած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պայքարը ձուլման եւ կրօնափոխութեան վտանգներուն դէմ, որոնք սակայն բաւական մեծ թիւով հայորդիներ խլած են դարերու ընթացքին: Չհաշուած ձուլման եւ կրօնափոխութեան զոհ դարձած աշխարհացրիւ հայութեան թիւը, միայն Եղեռնի տարիներուն, բռնի կրօնափոխութեան զոհ դարձած եւ հուսկ ձուլուած հայերու թիւը նշանակելի տոկոս մը պէտք է կազմած ըլլայ: Այս փաստին ակնարկելով էր, որ Հրանդ Տինք, իր նահատակութիւնէն ամիսներ առաջ կը յայտարարէր, թէ ներկայ Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ անոնց թիւը կը գնահատուի մօտ 1.5էն 2 միլիոնով:
Քրիստոնէական Կրօնքը
Մեծ է կրօնքի դերը ազգերու պատմութեան մէջ, մանաւանդ հայ ազգի պարագային, որ եղաւ առաջինը աշխարհի մէջ, որ պետականօրէն ընդունեց Քրիստոնէութիւնը որպէս երկրի պաշտօնական միակ կրօնը: Մինչ մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կ’ընդունի Քրիստոնէութեան բարերար ազդեցութիւնը մեր ինքնագիտակցութեան կերտման ու հետեւաբար մեր գոյապահպանման պայքարին մէջ, կայ նաեւ այն տեսակէտը, որ Քրիստոնէութեան ընդունումով ռազմասէր հայը դարձաւ խաղաղասէր, մեղկացաւ, կորսնցուց պայքարելու ունակութիւնը եւ ուրեմն թիրախ դարձաւ յարձակումներու եւ կոտորածներու:
Այսպէս մտածողները արդեօք ի՞նչ պատասխան ունին այն փաստին, որ Քրիստոնէութեան ընդունումով ի՞նչու համար միայն մենք մեղկացանք, մինչ ուրիշ Քրիստոնեայ ազգեր ռազմական նուաճումներ արձանագրեցին եւ կայսրութիւններ հաստատեցին: Քրիստոնէութեան ընդունումը ի՞նչու չի մեղկացուց այն հայորդիները, որոնք դարեր շարունակ գրաւեցին Բիւզանդական կայսրի գահը: Հետեւաբար մենք չենք բաժնէր այն կարծիքը, որ մեր «փոքր ածու» մնալու պատճառներէն մին Քրիստոնէութեան ընդունումն էր:
Այս ըսելով հանդերձ, պէտք չէ նաեւ մտահան ընել այն վարկածը, որ դարերու ընթացքին հայուն մօտ հետզհետէ արմատացաւ ճակատագրապաշտ մտածելակերպը, ի հեճուկս գործօն քաղաքականութեան հետապնդման: Հայաստանեայց Եկեղեցին, ոչ անպայման Քրիստոնէական կրօնքը, ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցաւ այս մտափոխութեան հետ, կը կարօտի անկեղծ ու քննական ուսումնասիրութեան:
Ազգասիրութիւն եւ Անձնասիրութիւն
Ցաւով պէտք է ընդունիլ, որ հայ անհատը աւելի անձնասէր ու եսակեդրոն է, քան՝ ազգասէր ու հաւաքական պատկանելիութեան գիտակից: Հայ մարդու մօտ շեշտուած անձնասիրութիւնն ու զօրաւոր անհատականութիւնը մէկ կողմէ նպաստած է անոր յարատեւման, բայց միւս կողմէ ալ սահմանափակած է հայրենակցին վստահելու եւ միասնական ուժերով հաւաքական նպատակներ իրագործելու ու համազգային աճ արձանագրելու կարողութիւնը: Այս յատկանիշը կը վերագրուի Հայաստանի աշխարհագրութեան, որ զարկ տուած է տոհմային մտածողութեան զարգացման, ի հեճուկս աւելի տարողունակ, համազգային մտածելակերպի զարգացման:
Հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ստորադասուած է ի հեճուկս հատուածական հաւատարմութեան: Այստեղ պէտք է փնտռել անցեալի նախարարական տուներէն մինչեւ ներկայի կուսակցութիւնները հասած փառասիրական եւ ուրեմն պառակտիչ վարքագծի արմատները: Երբ հատուած մը միայն իրեն կը վերապահէ ազգի առաջնորդութեան մենաշնորհը, ան դրսեւորած կ’ըլլայ եսակեդրոն վարքագիծ մը, որ ինքնաբերաբար պատճառ կը դառնայ պառակտումներու յառաջացման: Երբ հատուած մը իր հզօրացումը կը հաստատէ ի հեճուկս ուրիշ հատուածի մը ճնշման, ջլատած կ’ըլլայ ամբողջի՝ ազգի աճման ու հզօրացման գործընթացը: Մանաւանդ երբ իր հզօրացման համար կ’ապաւինի արտաքին օժանդակութեան: Այս վերջինը, իր շահին հետամուտ ըլլալով, պիտի բնականաբար օգտագործէ այդ հատուածի փառասիրութիւնները, իրականացնելու իր նպատակները, որոնք ընդհանրապէս չեն համապատասխանէր տուեալ հատուածի ազգային շահերուն:
Գործիք դառնալով օտարին, կը վնասենք մեր ազգային յառաջընթացին, որ կը նշանակէ թէ ի վերջոյ կը վնասենք նաեւ մենք մեզի: Այս վարքագծի նորագոյն փաստը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան սեւագոյն էջը հանդիսացող Հոկտեմբեր 27, 1999ի ազգադաւ սպանդն է:
Ժողովրդավարութիւն
Մեզ նման «փոքր ածու»ներու համար ժողովրդավար հասարակարգ եւ քաղաքացիական գիտակցութիւն ունենալը, մեր աճին ու զարգացման նպաստող յոյժ կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ մըն է: Ժողովրդավար հասարակարգերու մէջ գոյութիւն ունեցող ազատախոհ մթնոլորտը, այն անհրաժեշտ միջավայրն է, ուր կարծիքներու ազատ քննարկմամբ կարելի կը դառնայ երկիրը յուզող զանազան հարցերուն լաւագոյն լուծումներ գտնելով նպաստելու երկրի յառաջընթացին:
Դժբախտութիւնը հոն է, որ մեր մէջ տարածուած է այն համոզումը, որ անձնասէր եւ ինքնագլուխ հայերը քով-քովի կարելի է բերել միայն բռնապետի մը մահակին տակ: Մենք կը համարինք անգիտանալ, որ պատմութեան մէջ երբ կարգ մը բռնապետեր յաջողութիւններու հասած են, ապա ատոնք եղած են միայն ժամանակաւոր, ու չքացած են անոնց մահուամբ: Բռնապետութիւնը պատեհապաշտ խմբակի մը իշխանութիւնն է ամբողջ ժողովուրդին վրայ, որ կը նշանակէ թէ չի կրնար երկարատեւ եւ հաստատուն ըլլալ, որովհետեւ չի վայելէր ժողովրդային լայն խաւերու վստահութիւնը:
Ժողովրդավարութիւնը սակայն, երկրի մը անկախութեան եւ գերիշխանութեան լաւագոյն երաշխիքն է: Բռնապետութիւնը, մանաւանդ սեպհական ժողովուրդի վրայ, միշտ ալ պառակտումներու, ապստմբութեանց եւ ցնցումներու դուռ բացած է, արգելք հանդիսանալով երկրի խաղաղ յառաջընթացին: Ժողովրդավարութիւնը սակայն, աւելի կայուն, հաստատուն եւ միաւորող ազդակ մը հանդիսացած է: Այս առնչութեամբ մօտ 90 տարիներ առաջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. Վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի կատարած ախտաճանաչումը նոյնքան այժմէական է այսօր:
Ան կը գրէր. «Հայաստանում չկայ ոչ մի դաս կամ շերտ, ոչ մի կուսակցութիւն կամ խմբակցութիւն, որ կարողանայ իր ուժերով ու իր վրայ յենուած՝ դիկտատուրա հաստատել: Մեր երկրում կայուն դիկտատուրա կարող է իրականացնել միայն դրսի, օտար ուժը, բայց ոչ երբէք՝ տեղականը: Մեր երկիրը կարծես ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԿԱՐԳԻ ՀԱՄԱՐ (ընդգծումը մերն է, ՅՏԴ) եւ պակասում է մի բան միայն՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ընդգծումը մերն է, ՅՏԴ): Այդ մեծ պակասը դժուարացնում է իսկական ռամկավար կարգեր հաստատելու, բայց չի կարող յենարան դառնալ ներքին դիկտատուրայի համար»: Քաղաքական դաստիարակութիւն, այլ խօսքով՝ քաղաքացիական գիտակցութիւն:
Քաղաքացիական Գիտակցութիւն
Ինչպէս Քաջազնունին կը նշէ, իր օրերուն մեզի պակսած է քաղաքացիական դաստիարակութիւն եւ դժբախտաբար այդ պակասը տակաւին զգալի է այսօր: Անցած այդ 9 տասնամեակներու ընթացքին, եւ մանաւանդ իր պատմութեան մեծագոյն աղէտէն հազիւ մազապուրծ հայ ժողովուրդին մէջ, փոխանակ ամրապնդելու հաւաքական պատկանելիութեան եւ միասնական ճակատագրի գիտակցութիւնը, ծաւալեցաւ հատուածական ու պառակտիչ գործունէութիւն: Փոխանակ դաստիարակելու իրարհասկացողութիւն եւ հանդուրժողականութիւն, զարկ տրուեցաւ իրարամերժ եւ ատելութեան ոգիի տարածման: Փոխանակ քաջալերելու քաղաքակիրթ երկխոսութիւն, ստեղծուեցան թշնամական ճակատներ: Փոխանակ ժողովուրդին մէջ հիմնաւորելու դրականը տեսնելու եւ ընդօրինակելու կառուցողական մտածելակերպը, տարածուեցաւ չար նախանձի քանդիչ ոգին: Փոխանակ քաջալերելու ազատախոհութիւնը, գնահատուեցաւ կոյր հաւատարմութիւնը:
Նորահաս սերունդներէն անոնք որոնք գիտակցեցան այս արատներուն ու յանդգնեցան հրապարակաւ քննադատել, հալածուեցան կամ չեզօքացուեցան, այսպիսով զրկելով ազգը անոնց բերելիք նպաստներէն:
Օրէնքի Գերակայութիւն
Ժողովրդավար իրաւակարգի մեծագոյն յատկանիշը օրէնքի գերակայութեան ապահովումն է, ուր ամէն ոք հաւասար է օրէնքի առջեւ եւ բոլորին իրաւունքները ամրագրուած են օրէնքով: Երբ իրաւունքը զօրաւորին կը վերապահուի, ապա անտառի օրէնքը կը դառնայ գերիշխող, որ պարզ ժողովուրդէն կը հիւծէ ստեղծագործելու մարտունակութիւնն ու աւիշը: Այդ մէկը նաեւ պատճառ կը դառնայ երկրի անկայունութեան, որ բնականաբար կ’արգելակէ երկրի յառաջխաղացքը:
Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով էր, որ դէպի Երուսաղէմ աքսորի ճամբուն վրայ, Պոլսոյ Իզմիրլեան Պատրիարքը կը յայտարարէր. «Հոն ուր արդարութիւն չկայ, ամէն հաւատարմութիւն կեղծ է»: Օրէնքի գերակայութեան գործնական կիռարումը կարեւոր դեր ունեցաւ մօտ 140 տարիներ առաջ իրարմէ անջատ ու իրարու մրցակից Գերմանական իշխանութիւններէն միացեալ Գերմանիայի ստեղծման մէջ: Նշանաւոր է այն դէպքը, երբ Բրուսիոյ Ֆերտինանտ թագաւորը փորձեց յափշտակել գիւղացիի մը կալուածը, բայց տեղական դատարանը արգելք հանդիսացաւ եւ պաշտպանեց գիւղացիին իրաւունքները: Ահա այս մտայնութիւնն է, որ նպաստեց Գերմանիոյ միաւորման ու հզոր պետութիւն դառնալուն:
Բարձր Տեսլականի Առաջնորդութիւն
Նորանկախ Հայաստանի մէջ պաշտօնավարած օտար դիւանագէտի մը կը վերագրուի հետեւեալ խօսքը. «Դժուար է աշխատիլ երկրի մը մէջ, ուր ամէն առտու 3000 Նափոլէոն քունէն կ’արթննան»: Այս խօսքի մէկ տարբեր արտայայտութիւնն է ժողովրդային այն կարծիքը, թէ մեր մէջ բազմաթիւ են ժեներալները ու սակաւաթիւ՝ զինուորները: Առաջին հայեացքով դրական թուացող ու առաջնորդներու առատութիւն թելադրող այս խօսքերը, դժբախտաբար այդպէս չեն: Երբ մեծ Ֆրանսա մը մէկ հատ Նափոլէոն Պոնափարթ տուած է, փոքրիկ Հայաստանի մէջ ինքզինքնին Նափոլէոն համարող 3000 անհատներու գոյութիւնը պարզապես աղետալի է: Տարբեր խօսքով, այդ կը նշանակէ որ մենք կը տառապինք իսկական առաջնորդներու, բարձր տեսլականի տէր առաջնորդներու պակասէն, որոնց բացակայութիւնէն օգտուելով է, որ 3000 Նափոլէոն գլուխ կը ցցեն, խառնելով հրապարակը: Այս դառն իրականութիւնը աւելի ծանրակշիռ կը դառնայ, երբ մեր պատմութիւնէն կը մտաբերենք թէ տեսլական ունեցող առաջնորդներու յայտնութիւնը ընդհանրապես զուգորդուած է անոնց հալածանքով, անոնց շրջապատի «ժեներալ»ներուն կողմէ: Անոնց արժէքին անդրադրձած ենք միայն ուշացումով, պատեհ առիթները փախցնելէ ետք:
Մօտաւոր եւ Հեռաւոր Նպատակային Ծրագրաւորում
Հային մօտ գերակայ է մօտաւոր, անմիջական արդիւնքներու հասնելու վարքագիծը, քան թէ հեռաւոր, քանի մը սերունդներու վրայ իրագործուելիք ծրագրաւորումը, որը աւելի հիմնական է համազգային յառաջխաղացքի համար: Մենք կ’ուզենք մեր կենդանութեան տեսնել եւ քաղել մեր աշխատանքի արդիւնքը: Ասիկա ճիշտ է անհատական հարթակի վրայ: Բայց միեւնոյն ատեն մենք պէտք է գիտակցինք, որ մենք հասարակ մահկանացուներ ենք, մինչ ազգը յաւերժ է: Ուրեմն որպէս մեկ մասնիկը հայ ազգին եւ գիտակից այդ հաւաքական պատկանելիութեան, մեր կեանքերը բարելաւելու առընթեր, պէտք է հեռատեսութիւնը ունենանք օժանդակելու այնպիսի ծրագիրներու, որոնց անմիջական արդիւնքը կրնանք չտեսնել, բայց որոնք կը նպաստեն մեր ազգի յաւերժի երթին:
Ահաւասիկ մեր համեստ կարծիքով պարզած եղանք այն գլխաւոր ազդակները, որոնք եթէ մեկ կողմէ նպաստած են մեր յարատեւութեան, միւս կողմէ ալ պատճառ դարձած են մեր տկարութեան եւ թուաքանակի սահմանափակման: Բնականաբար կան այլ ազդակներ եւս, որոնք կամ զանց առինք նշելէ եւ կամ ալ անցողակի անդրադարձանք նշուած ազդակներու բացատրութեանց մէջ: Վստահ ենք նաեւ, որ մեր բարձրացուցած հարցերը վիճելի եւ քննարկելի շատ կողմեր ունին:
Մեր նպատակը, Եղեռնի 96-ամեակի նշման այս օրերուն, մեր ընթերցողները մղել էր, որ սովորական դարձած ու յաճախակիօրէն կրկնուող «քլիշէ» մտքերէն անդին անցնին եւ Ջարդի վրայ կեդրոնանալէն անդին, մտածեն մեր վտանգուած գոյերթը ամրակայելու մասին: Մանաւանդ երբ մեր աչքին առջեւ Հայաստանը ահազանգային թափով կը դատարկուի իր բնակիչներէն եւ Սփիւռքն ալ նոյնքան ահագնօրէն կ’այլասերի ու կը հիւծի:
Այ՛ս պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը եւ անոր դարմաններ որոնելու աշխատանքը: Մեր կատարած ախտաճանաչումները եւ առաջարկած լուծումները նորութիւններ չեն: Կարդացէ՛ք Խորենացիի «Ողբը», ուր մի առ մի նշուած է թէ մեր հասարակութեան ամէն մէկ անհատը ինչպիսի՞ վարքագիծ պէտք է որդեգրէ, բարձրացնելու համար հայ ազգը իր ողբալի վիճակէն: Պատկերացնելով հանդերձ մեր դառն իրականութիւնը, որ սակաւաթիւ ու տկար ենք, ան նաեւ ցոյց կու տար աճելու եւ հզօրանալու ճամբան, հայ աշխարհի մէջ գործուած քաջութեան գործերու ընկալումով եւ գործադրութեամբ: Խորենացիի խրատներէն մինչեւ Չարենցեան պատգամը այլեւս պէտք չէ իյնան խուլ ականջներու վրայ, այլ պէտք է շեփորուին բարձրաղաղակ ու քանդակուին ամէն մէկ հայի գիտակցութեան մէջ: Եթէ անշուշտ կ’ուզենք կասեցնել մեր գահավէժ ընթացքը եւ բեկումնային շրջադարձ մը իրագործել:
Ճիշտ է, որ մօտ հարիւրամեակ մը առաջ կրեցինք մեր պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող ահաւոր հարուած մը, որ մեզ գրեթէ բնաջինջ ըրաւ: Եղեռնի ահաւորութիւնը տակաւին կաշկանդած է մեր մտածելակերպը եւ կը քամէ մեր ներուժը, նիւթական, բարոյական եւ հոգեբանական հարստութիւնները: Բայց գիտակցինք նաեւ, որ հազարամեակներու վրայ երկարող անցեալ մը ունինք, որմէ կրնանք անգնահատելի դասեր քաղել, որոնցմէ շարք մը նշեցինք այս յօդուածով: Մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ատոնց վրայ ու ծրագրաւորուած աշխատանքով տարածենք ու ամրապնդենք զանոնք մեր ժողովուրդի մտայնութեան մէջ:
Մեր յօդուածը կ’աւարտենք աչազուրկ եւ խուլ, բայց մարդկութեան խղճի աչքերը բացող, պայծառատես Հելէն Քելըրի մէկ նշանաւոր խօսքով. «Երբ երջանկութեան դուռ մը կը փակուի, ուրիշ մը կը բացուի: Սակայն յաճախ մեր հայեացքը այնքան կառչած կը մնայ փակ դռան վրայ, որ չենք նշմարէր այն միւսը, որ մեզի համար բացուած է»: Այս խօսքէն դրդուած, մեր խորագրի «Ինչո՞ւ Փոքր Ածու Մնացինք» փակուած դուռը կ’ամբողջացնենք «Ինչպէ՞ս Մեծ Ածու Դառնալ» բացուած դուռով: