Երեքշաբթի Նոյեմբեր 16ի երեկոյեան ժամը 8ին, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը «ՀԱԽ» Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի հանդիսասրահին մէջ կազմակերպած էր հրապարկային դասախօսութիւն մը՝ Թրքական Ուրացման Քաղաքականութեան Ծալքերը շահեկան նիւթին շուրջ: Այս առթիւ յատկապէս Լոնտոնէն հրաւիրուած էր օրուան բանախօս պատմաբան Արա Սարաֆեան:
Սոյն միջոցառումին հանդիսավարն էր Յարութ Տէր Դաւիթեան, որ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի անունով ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը: Ան ամփոփ գիծերով ներկայացուց Արա Սարաֆեանը, որպէս Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան մասնագէտ պատմաբան, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հետազօտական հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն: Հայութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «Կոմիտաս»ի ցարդ լոյս ընծայած բազմաթիւ հրատարակութիւններու վերջին երկու գործերն են հռչակաւոր «Կապոյտ Գիրքը» եւ «Աղթամար, Միջին Դարու Հայ Ճարտարապետութեան Գոհար մը» հատորները: Հոն թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով թուրք ընթերցողին կը ծանօթացուի 1916ին Անգլիական կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ Առնոլտ Թոյնպիի խմբագրած Հայկական Տեղահանութեան եւ ջարդերու փաստագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Աղթամարի 10րդ դարու Ս. Խաչ եկեղեցին:

Օրուան յարգելի բանախօսը անդրադառնալէ ետք Մեծ Եղեռնի եւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հետ առնչութիւն ունեցող պատմա-վաւերագրական տուեալներուն, ընդգծեց այն հանգամանքը, որ անցնող 90 տարիներու ընթացքին թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը բոլորած է զանազան փուլեր՝ բացարձակ անտեսումէ դէպի ժխտում, ուրացում եւ խեղաթիւրում: Ան յատկապէս անդրադարձաւ վերջին 30 տարիներուն (1980-2010) որդեգրուած թրքական պետական ուրոյն քաղաքականութեան, որ կը խուսափի փաստերու քննարկումէն եւ փոխարէնը անջատ եւ անկապ պատահարներու ընդմէջէն կը փորձէ վատաբանել եւ ստորնացնել Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը: Կաշառելով ամերիկացի պատմաբաններ, ինչպէս Լաուրի, Շօ, Մքքարթի եւ այլք, Թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները կը փորձեն փաստերու խեղաթիւրմամբ շփոթ ստեղծել: Ան նշեց թէ ինչպէս Թուրք զօրավար Էսատ Ուրազի 40-50-ական թուականներուն գծած ուղին, 70-ականներուն եւ յատկապէս թուրք դիւանագէտներու դէմ շղթայազերուած ահաբեկչական արարքներէն ետք, սկսաւ գործադրուիլ թրքական իշխանութիւններու կողմէ քարոզչական բազմապիսի արշաւներու միջոցաւ Արեւմուտքին համոզել տալու իրենց տեսակէտները: Ուրազին յաջորդեցին Իհսան Սաքարիա, Քամուրան Կիւրիւն, Եուսուֆ Հալաճօղլու եւ այլք, որոնք թրքական արխիւներու ընտրանի եւ ապակողմնորոշիչ մէջբերումներով սկսան խեղաթիւրման արշաւը ընդլայնել: Թրքական իշխանութեանց այս ծրագրուած եւ համագործակցուած աշխատանքին դիմած Հայկական կողմը կրնար վեր առնել կարգ մը աղաղակող խեղաթիւրումներ եւ ատոնցմով բացայայտել եւ ջրել անոնց յառաջ քաշած սուտ թեզերը, բայց դժբախտաբար չի յաջողեցանք արժանի հակազդեցութիւն ցուցաբերել: Սարաֆեան նշեց օրինակներ պատմաբաններ Լաուրիի եւ Մքքարթիի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Մուրատ Պարտաքճիի հրտարակած Թալէաթի Սեւ Գիրքին օրինակը: Ցաւ յայտնելով հանդերձ որ թրքական բանակի արխիւները տակաւին տրամադրելի չեն հանրութեան համար, ան անդրադարձաւ Օսմանեան Կայսրութեան եւ այլ արխիւներուն մէջ արդէն իսկ բացայայտուած տեղահանութեան եւ ջարդի վերաբերեալ շատ մը փաստերու ոչ բաւականին օգտագործման մասին: Ատոնց շարքին կ’իյնայ 1917ին տեղի ունեցած մարդահամարի հայաբնակ վայրերու եւ վերապրած հայերու մասին եղած արխիւային նիւթերը, որոնցմէ որպէս օրինակ կարելի է նշել Էրզրում քաղաքի հայ բնակիչներուն 95 առ հարիւրին բռնի տեղահանուած ըլլալու փաստացի տուեալը: Ան կարեւոր համարեց Թուրքերու ուրացման ներկայ քաղաքականութեան շատ թոյլ ու տկար փաստարկութիւնները շահագործելու անհրաժեշտութիւնը, ցաւ յայտնելով որ մենք չենք կրցած լաւագոյնս օգտագործել ցարդ ներկայացած շատ մը հնարաւորութիւններ:

Հարց-պատասխանի բաժնին մէջ, Արա Սարաֆեան դիտել տուաւ որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կայ գիտակից մտաւորականութեան փաղանգ մը, որ կ’ուզէ ճշմարտութիւնն իմանալ մօտաւոր անցեալի պատմութեան մասին: Անոնցմէ շատեր արդէն խիզախօրէն մամուլով եւ այլ հրատարակութիւններով սկսած են քօղազերծել իրենց պատմութեան մութ ծալքերը եւ կանգնիլ արդարութեան կողքին:
Հարցումի մը պատասխանելով, Սարաֆեան դէմ արտայայտուեցաւ երկու երկիրներու կողմէ կազմուելիք պատմաբաններու յանձնախումբին, ոչ մէկ դրական արդիւնք ակնկալելով անկէ: Ան համոզում յայտնեց որ պէտք է զօրացնել անհատական յարաբերութիւնները հայ եւ թուրք պատմաբաններու միջեւ, այդպիսով ցեղասպանութեան իրականութիւնը լայնօրէն տարածելով թուրք ժողովրդային խաւերու մօտ: Ան նշեց որ թուրքերը պատրատ են երկխօսութեան եւ անոնք համալսարանական շրջանակներու մէջ բաց են միտքերու փոխանակութեան համար, ոչ միայն գիտնալու իրականութիւնը հայկական ցեղասպանութեան մասին, այլ նաեւ հետազօտելու իրենց մօտիկ անցեալի քօղարկուած պատմութիւնը: Երեւոյթ մը որ բաւականին դրական կը համարուի: Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան հարցի հետապնդման աշխատանքերուն, ըստ Սարաֆեանի, ներկայ հանգրուանին ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ, որ սփիւռք եւ հայրենիք զուգընթաց աշխատանք տանին միեւնոյն նպատակին շուրջ տարբեր մակարդակներու վրայ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Prof. Israel Charny Calls on Israel to Put Armenian Suffering Before Politics

By Raphael Ahren Haaretz.com If Israel recognizes the Turkish genocide of over…

Serj Tankian Partners With Gibson to Benefit Artsakh Refugees

NASHVILLE, TN — Gibson, the iconic instrument brand, has announced the launch…

AMAA Shares the Joy of Christmas with over 9,000 Children Throughout Armenia and Karabakh

PARAMUS, NJ – In late December until the end of winter vacation,…

100 Years Later : Dealing with the Legacy of 1915

Report by Janet Rose On Wednesday 27 January, LSE screened 100 Years…