«Կը սիրեմ քեզ, իմ մայր լելու, Մօր կաթի պէս համեղ ես դու»։
Ամէն վերամուտի, հազարաւոր հայ մանուկներ «Մօր Կաթի» նման համեղ սնունդ ստանալու համար կը սուրան դէպի հայկական վարժարան, ուր մտային զարգացման կողքին, կը ստանան հոգեկան սնունդ, ֆիզիքական կրթութիւն եւ մանաւանդ՝ իր անձէն անդին՝ իր ընտանիքին ու իր ազգին նուիրուելու բարձր գիտակցութիւն։ Հայ վարժարանին մէջ թեւեր կ՛առնեն անոնք, կը բարձրանան տարուէ տարի, սորվելով, որ իրենց հետ պիտի բարձրացնեն իրենց նմանները, հարազատներն ու իրենց հազարամեայ ժողովուրդը։
Այս հաւատքով, «Մերտինեան» վարժարանը բացաւ իր դռները Սեպտեմբեր 7ի առաւօտուն եւ այս լոյսին ծարաւ հոգիով ու պայծառ դէմքերով բակ մտան մեծ ու փոքր մերտինեանցիները։ Անսահման խանդավառութիւն կը տիրէր ամէն կողմ։
Առաւօտեան ժամը 8ին հնչեց 2010-2011 տարեշրջանի առաջին զանգը եւ Ծաղիկէն մինչեւ 8րդ կարգերու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն հետ, ուղղուեցան դէպի վարժարանի հանդիսասրահը։ Անոնց հետեւեցաւ ծնողներու ստուար խումբ մը։
Ամերիկեան եւ ազգային ուխտերու կատարումէն եւ 23րդ սաղմոսի արտասանութենէն ետք, վերամուտի առաջին աղօթքը կատարեց վեր. Ճօ Մաթոսեանը։ Հոգեւոր քանի մը երգերու երգեցողութենէն ետք, վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը ողջունեց աշակերտներն ու անոնց ծնողները, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնցմէ իւրաքանչիւրին՝ իրենց աննման զաւակները «Մերտինեան»ին յանձնած ըլլալնուն համար։
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ վարժարանի տնօրէնը՝ Յովսէփ Ինճէճիկեանը, որ իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, բայց մանաւանդ յաջողութիւններով լի ու անվտանգ տարի մը բոլորելու մաղթանքներ արտասանեց։ Ան շեշտեց դպրոցին եւ ուսման կարեւորութիւնը, յատկապէս հայ դպրոցին առաքելութիւնը՝ հայ մանուկը «հայ» պահելու եւ հայութեան համար նուիրեալներ պատրաստելու ծիրէն ներս։ Ապա ներկայացուց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան իւրաքանչիւր անդամը, մատնանշեց ամառնային արձակուրդի ընթացքին դպրոցէն ներս կատարուած բարենորոգումներն ու փոփոխութիւնները եւ խրախուսեց բոլոր ներկաները հաճոյքով սորվելու, անխոնջ աշխատելու՝ յաջող տարի մը կարենալ բոլորելու համար։
Վեր. Ճօ Մաթոսեան կարդաց Ս. Գիրքէն քանի մը համարներ, իր խրատներով քաջալերեց աշակերտները, ապա օրհնութեան աղօթքով եւ տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ հանդիսութիւնը եւ աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները։
Բարի երթ՝ ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսող բոլոր աշակերտներուն։
Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 9:30ին տեղի ունեցաւ «Մերտինեան» վարժարանի նախամանկապարտէզին վերամուտը։ Ոմանք՝ արցունքոտ աչքերով, կառչած իրենց մայրերու ձեռքերուն, ուրիշներ՝ արդէն միջավայրին ծանօթ, ուրախ դէմքերով հաւաքուեցան վարժարանի սրահին մէջ, ուր յաջորդաբար ելոյթ ունեցան վարժարանի տնօրէնն ու նախամանկապարտէզի տնօրէնուհին՝ Մակի Թօփալեանը։
Ապա աշակերտ ու ծնողք այցելեցին իրենց դասարանները եւ մեկնեցան տուն։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Armenian National Philharmonic Orchestra to Perform at Walt Disney Concert Hall

LOS ANGELES — The Armenian National Philharmonic Orchestra (ANPO), one of the…

Conference Dedicated to the 400th Anniversary of the Arrival of the First Armenian to America

MISSION HILLS, CA — The Ararat-Eskijian Museum (AEM), the National Association for…

Appeals Court Reverses Itself Over Armenian Suit

SAN FRANCISCO (AP) — A federal appeals court has reversed itself and…

AMAA Centennial Banquet – A Dazzling and Memorable Celebration

By Florence Avakian TEANECK NJ – The Armenian Missionary Association of America…