Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահի Կրճատուող Լիազօրութիւները

Նախագահի Կրճատուող Լիազօրութիւները

by MassisPost

Արմէն Սարգսեանի Հայաստանի նախագահի պաշտօնին ընտրութիւնը ընդհանուր առմամբ արժանացաւ դրական արձագանգի: Թէեւ ժողովուրդի մօտ համատարած անտարբերութիւնը քաղաքական գործընթացներու նկատմամբ կը տարածուի նաեւ նոր նախագահին վրայ եւս, եւ քաղաքացիները մեծ ակնկալութիւններ չունին իրենց անձնական կեանքէն ներս որոշակի փոփոխութիւններու առումով: Սակայն, շատեր յոյս ունին, որ Արմէն Սարգսեան պիտի կարողանայ իշխող օլիկարխիկ համակարգը եթէ ոչ ամբողջութեամբ վերացնել, առնուազն որոշ  չափով հսկողութեան տակ առնել:

Որեւէ տեղաշարժ իրականացնելու համար նորընտիր նախագահը պէտք ունի   լիազօրութիւններու, որպէսզի կարողանայ ազդել երկրէն ներս տեղի ունեցող գործընթացներուն վրայ: Նոր Սահմանադրութեամբ եւ Ազգային Ժողովի կողմէ ընտրուած նախագահի լիազօրութիւնները շատ աւելի նուազ են քան անցեալին, երբ նախագահը կ՝ընտրուէր ժողովուրդի կողմէ:

Վերջին շաբաթներուն, կառավարութեան   որոշումներով եւ կամ  Խորհրդարանէն ներս ընդունուած օրէնքներով, նախագահի լիազօրութիւնները ենթարկուեցան առաւել կրճատումներու, ըլլան անոնք խորհրդանշական եւ կամ գործնական առումներով:

Խորհրդանշական էր «Բաղրամեան 26» հասցէին վրայ գտնուող նախագահական պալատը, որ անկախութենէն ի վեր կը ծառայէր որպէս նախագահի նստավայր, Ապրիլէն ետք պիտի դառնայ վարչապետի նստավայր: Իսկ գործնական գետնի վրայ, երկրի ընդհանուր  ռազմավարութիւնը ճշդող՝ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի կազմէն դուրս պահուեցաւ նախագահը, համաներում յայտարարելու իրաւունքը փոխանցուեցաւ վարչապետին, պետական պարգեւներ շնորհելու իրաւունքը եւս տրուեցաւ վարչապետին:

Նախագահի լիազօրութիւններու կրճատման հարցին պատասխանելով Արմէն Սարգսեան վերջերս ըսած էր.  «Կարելի է ղեկավարել կառավարելով եւ կարելի է ղեկավարել առաջնորդելով»: Արմէն Սարգսեան ընդունելով ստանձնել նախագահի պաշտօնը կը գիտակցէր որ, պիտի չունենայ այն լիազօրութիւնները որ ունէին նախորդ նախագահները: Սակայն, զինք  մօտէն ճանչցողները վստահ են, որ ան պատրաստ չէ համակերպելու ձեւական նախագահի կերպարին հետ եւ անկախ, թէ տակաւին որքանով կը կրճատուին իր լիազօրութիւնը, ան պիտի փորձէ կառավարել՝ առաջնորդելով:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment