Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թովմաս տը Վաալը.- ԼՂ Հակամարտութեան Հարցին Մէջ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահող Երկիրներու Միջեւ Համաձայնութիւն Կայ

Թովմաս տը Վաալը.- ԼՂ Հակամարտութեան Հարցին Մէջ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահող Երկիրներու Միջեւ Համաձայնութիւն Կայ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու` ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն կայ: Երեւանի մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հեռանկարները. տեղական եւ միջազգային տեսանկիւններ» խորագրով միջազգային գիտաժողովի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է «Քարնեկի Եւրոպա» հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Թովմաս տը Վաալը:

«Կան որոշակի նրբութիւններ, մարտավարական տարբերութիւններ, սակայն հակամարտութեան վերջնական լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրներու դիրքորոշումներու միջեւ տարբերութիւններ չկան»,- «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` ընդգծած է տը Վաալը: Անոր գնահատմամբ` ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկիրներու վերջնական նպատակները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ նոյնն են:

Ան աւելցուցած է, որ անջատողականութեան հարցին մէջ միջազգային դիրքորոշումը որոշակիօրէն փոխուած է, որու հետեւանքով Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը զիջումներ կատարելու հարցին մէջ զգուշաւոր մօտեցում կը ցուցաբերեն:
Փորձագէտը նշած է, որ Ղրիմի դէպքերէն յետոյ Արեւմտեան առաջնորդները սկսած են առաւել յաճախ խօսիլ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին, իսկ Ատրպէյճանն ալ կը փորձէ օգտուիլ անկէ եւ բարձրաձայնել իր տարածքային ամբողջականութեան մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment