Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արթուր Ալեքսանեան 2017 Թուականի Հայաստանի Տարուայ Լաւագոյն Մարզիկ

Արթուր Ալեքսանեան 2017 Թուականի Հայաստանի Տարուայ Լաւագոյն Մարզիկ

by MassisPost

Մարզական լրագրողներու Հայաստանի ֆետերացիան ներկայացուցած է իր 2017 թուականի լաւագոյն տասնեակը:

Մարզական լրագրողներու ֆետերացիայի տասնեակը ունի հետեւեալ տեսքը.

1-Արթուր Ալեքսանեան ՀՀ ըմբշամարտ (200 միաւոր)

2-Մաքսիմ Մանուկեան ՀՀ ըմբշամարտ,աշխարհի ախոյեան (188)

3-Լեւոն Արոնեան ճատրակ, աշխարհի գաւաթակիր,որու շնորհիւ դարձած է աշխարհի ախոյեանի կոչման յաւակնորդ, Եւրոպայի խմբային առաջնութեան առաջին խաղատախտակի վրայ արժանացած է ոսկէ մետալի (168)

4-Սիմոն Մարտիրոսեան ծանրամարտ,Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան,Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան, համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան (145)

5-Յովհաննէս Պաչքով բռնցքամարտ,Եւրոպայի ախոյեան ,աշխարհի բրոնզէ մեդալակիր (108)

6-Կոռ Մինասեան ծանրամարտ,համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան,Եւրոպայի արծաթէ մետալակիր,Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեան (99)

7-Տիգրան Կիրակոսեան սամպօ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան (90)

8-Սերկէյ Միքայէլեան դահուկային սփորթ, համաշխարհային ուսանողական խաղերու պրոնզէ մետալակիր եւ նուաճած է 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու ուղեգիր (61)

9-Արթուր Թովմասեան սփորթային մարմնամարզութիւն,օղակներու վրայ դարձած է համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան  եւ աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան փուլերէն մէկուն յաղթող (44)

10-Անդրանիկ Կարապետեան ծանրամարտ,համաշխարհային ուսանողական խաղերու փոխախոյեան,Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment