Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեսպան Վոլինկինը կը Յորդորէ Լուրջ Չվերաբերիլ Ռուսական Հեռուստաալիքներով Հայաստանի Հասցէին Հնչած Քննադատութիւններուն

Դեսպան Վոլինկինը կը Յորդորէ Լուրջ Չվերաբերիլ Ռուսական Հեռուստաալիքներով Հայաստանի Հասցէին Հնչած Քննադատութիւններուն

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինկինը երէկ Կիւմրիի մէջ յորդորած է լուրջ չվերաբերիլ Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումէն առաջ եւ յետոյ ռուսական հեռուստաալիքներով Հայաստանի հասցէին հնչած քննադատութեանց  ու մեղադրանքներուն:

«Ես պէտք է ըսեմ որ դուք ճիշդ չէք մեկնաբաներ այս հարցը, որ ոչ թէ ռուսական ալիքները կը քննադատեն, այլ առանձին անհատներ, որոնք Հայաստանի, հայ- ռուսական յարաբերութիւններու հետ որեւէ առնչութիւն չունին», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է դեսպանը:

Հայաստան-Եւորոմիութիւն նոր համաձայնագրի ստորագրման նախօրէին Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Զվեզտա» հեռուստաալիքի եթերին հաղորդավարը յայտարարած էր, որ «Եւրոմիութեան հետ միութիւնը միակ բանը չէ, որ Հայաստան կ’ընէ՝ ինչպէս Ուքրանիան։ Երեւանը նաեւ կը հերոսացնէ ֆաշիզմի աջակիցները»: Այնուհետեւ ան Գարեգին Նժդեհին համեմատած էր ուքրանական ազգայնականութեան գաղափարախօս Ստեփան Պանտերայի հետ, իսկ Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդանշանը՝ Ֆաշիստական Գերմանիոյ զինանշանին հետ։ Երկու օր անց, սակայն, Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանին յղած նամակին մէջ հեռուստաալիքը պաշտօնապէս ներողութիւն հայցած էր ըրած սխալի համար։

«Անոնք մասնագէտներ, փորձագէտներ, քաղաքագէտներ են, որոնք կը զբաղուին այլ հարցերով, իսկ հայ – ռուսական յարաբերութիւնները անոնց մասնագիտացումը չէ», – նշած է դեսպանը: – «Ես, օրինակ, չէի մեկնաբաներ փականագործի ու խառատի աշխատանքը, որովհետեւ այդ մասին ոչինչ գիտեմ եւ չեմ հասկանայ: Իսկ այն, ինչ անոնք մեկնաբանած են, իրենց իրաւասութիւնը չէ, եւ պէտք չէ դրան լուրջ վերաբերիլ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment