14 Սեպտեմբերին, ժամը 13.30-ին Երեւանի Վերնիսաժ հատուածի «Թիւֆէնքեան» հիւրանոցի մօտ կրակոցներ հնչած են: զոհուած է մէկ անձ՝ Ալաւերտի քաղաքի բնակիչ, 1974-ի ծնունդ Գ.Մ-ն, միւսը՝ Ալաւերդիի մէջ քրէական հեղինակութիւն համարուող, 1978-ի ծնունդ Վահագն Աբգարեանը, ծանր վիրաւորում ստացած է։
Միջադէպի բացայայտման ուղղութեամբ ՀՀ ոստիկանութեան ձեռնարկած հետախուզական եւ քննչական միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է յանցագործութիւնը կատարելու մէջ կասկածուողներու ինքնութիւնը՝ 1957-ի ծնունդ Ռաֆիկ Խաչատրեան, 1982-ի ծնունդ Ալպերթ Պլպուլեան եւ 1984-ի ծնունդ Արմէն Կարատաւիտով:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ոստիկանութենէն եւ կը նշեն, որ կը ձեռնարկուին հետախուզական ծաւալուն միջոցառումներ անոնց յայտնաբերելու եւ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: