Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը «Ատրպէյճանական Լուացքատուն» Գործով Հետաքննութեան Բանաձեւ Ընդունած է

Եւրոխորհրդարանը «Ատրպէյճանական Լուացքատուն» Գործով Հետաքննութեան Բանաձեւ Ընդունած է

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանի իշխող վարչակազմի բազմամիլիոննոց կաշառակերութեան գործարքները հետաքննելու կոչ ուղղող բանաձեւ ընդունած է, որուն կողմ քուէարկած է 578 պատգամաւոր, դէմ՝ ընդամէնը 19-ը, 68-ը ձեռնպահ մնացած է: Այս մասին կը հաղորդէ Եւրոխորհրդարանի պաշտօնական կայքէջը:

Փաստաթուղթին մէջ եւրոպացի պատգամաւորները դատապարտած են փաստերը, որ իրենց վերջին աղմկայարոյց բացայայտումներուն մէջ մանրամասն կը նկարագրեն «Ատրպէյճանական լուացքատուն» վերտառութեամբ հետաքննութեան հեղինակները:

Եւրոպական միութեան օրէնսդիր մարմինը անընդունելի կը համարէ «Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ այլ միապետական ռեժիմ ունեցող երրորդ աշխարհի երկիրներու կողմէ եւրոպացիներու որոշումներուն վրայ ապօրինի միջոցներով ազդելու փորձերը»: «Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է հետաքննէ եւ վճռական միջոցներ ձեռնարկէ նման կաշառակերութիւնը կանխելու համար, քանի որ այն կասկածի տակ կը դնէ կառոյցի իրաւականութիւնն ու հեղինակութիւնը», – կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Համաշխարհային շարք մը լրատուամիջոցներու հետաքննող լրագրողները միաւորող նախագիծը վերջերս հրապարակած յօդուածին մէջ պնդած է, որ 2012-2014 թուականներուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ու անոր մերձաւոր շրջապատը շուրջ երեք միլիառ տոլար  օրինականացուցած են, որ ուղղուած է եւրոպացի ազդեցիկ պաշտօնեաներն ու քաղաքական գործիչները կաշառելու, վերնախաւի համար թանկարժէք գոյք, ոսկեղէն ու պճնանքի այլ առարկաներ ձեռք բերելու նպատակով: Խնդրայարոյց այդ հրապարակման համաձայն, հարիւր հազարաւոր տոլարներ ստացած են Եւրոմիութեան տարբեր պետութիւններ` Իտալիան, Բրիտանիան, Գերմանիան, Պուլկարիան ներկայացնող լրագրողներ, գործարարներ, քաղաքական գործիչներ, այդ թուին՝ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարի ընտանիքը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի կուսակիցը, Սլովենիոյ նախագահի նախկին թեկնածուն:

Զեկոյցի հեղինակ լիտուացի պատգամաւոր Փեթրաս Աուսթրեւիչիւսի խօսքով, այդ հետաքննական նիւթերը կը վկայեն, որ կաշառակերութիւնն արդէն կ’անցնի պետական սահմաններն ու իր հետեւանքները կը ձգէ քաղաքական որոշումներուն վրայ:

Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակը, այդ թուին՝ «խաւիարային դիւանագիտութեան» վերաբերեալ պնդումները պիտի քննարկուին նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ):

Աւելի վաղ, յիշեցնենք, ԵԽԽՎ իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած էր պելճիքացի խորհրդարանական Ալէն Տեսքթըրի հեղինակած զեկոյցին, որուն առանցքին մէջ Վեհաժողովի ներկայացուցիչներն ատրպէյճանական իշխանութեան կողմէ կաշառելու մասին պնդումներն են:

Աղմկայարոյց բացայայտումներու հեղինակները մասնաւորապէս նշած են, որ ԵԽԽՎ իտալացի անդամ Լուքա Ոլոնթէի ջանքերուն շնորհիւ 2013-ին տապալած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու առկայութեան մասին վկայող զեկոյցի ընդունումը: Ըստ հետաքննող լրագրողներուն, դրամատնային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ այդ ժամանակահատուածին Ոլոնթէ ատրպէյճանական իշխանութիւններէն շուրջ 2 միլիոն եւրօ ստացած է:

Պաշտօնական Պաքու հերքած է բոլոր այդ մեղադրանքները, պնդելով, թէ «այդ բոլորի ետին կանգնած են Ճորճ Սորոս եւ համաշխարհային հայութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment