Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսուա Հոլանտ․ Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը չի Կրնար Կարգաւորուիլ Ռազմական Ճանապարհով

Ֆրանսուա Հոլանտ․ Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը չի Կրնար Կարգաւորուիլ Ռազմական Ճանապարհով

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ համոզուած է` շատոնց եկած է ժամանակը հասնելու յառաջընթացի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ուղիներ գտնելու: Այս մասին ան ըսած է պաշտօնական այցով Փարիզի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ընթրիքի ժամանակ:

Նշելով, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին արդէն 23 տարիէ եւ կողմերը դեռ չեն եկած որեւէ արդիւնքի` Հոլանտ ըսած է. «Չկայ աւելի վատ բան, քան գոյավիճակը (սթաթուս-քուօ): 2016-ի Ապրիլին եւ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած բախումները կ՛ապացուցեն, որ այս հակամարտութիւնը երբեք չէ դադրած»:

Ֆրանսայի նախագահը յիշեցուցած է, թէ իր երկիրը որքան շատ ջանքեր կը ներդնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համանախագահներուն հետ խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ:

«Ես ըսած եմ սա մի քանի օր առաջ Փարիզ ժամանած նախագահ Սարգսեանին, կը կրկնեմ նաեւ ձեր առջեւ. այս հակամարտութիւնը չի կրնար կարգաւորուիլ ռազմական ճանապարհով: Ֆրանսան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ անխոնջ կերպով պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել: Այդ ջանքերը հիմնուած են տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ ռազմական ուղիներէ խուսափելու վրայ: Ֆրանսան պատրաստ է որեւէ նախաձեռնութիւն դրսեւորելու այս ծիրէն ներս»,- ըսած է Հոլանտ:

Ալիեւ, իր հերթին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը անուանած է «ամենացաւոտ հիմնախնդիրը տարածաշրջանի մէջ»: Հերթական անգամ ան մեղադրանքներ ուղղած է Հայաստանին, յայտարարած, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի հողն է»: «Մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը չի կրնար բանակցութիւններու թեմա ըլլալ», – պնդած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment