Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով – Դէպի Ամբողջական Հաւասարութիւն

Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով – Դէպի Ամբողջական Հաւասարութիւն

by MassisPost

Որեւէ տեսակի խտրականութիւն խոցելի երեւոյթ է հաւաքականութեան մը համար: Չափազանցուած խտրականութիւնը աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ յաճախ` եթէ այդ դրսեւորուի կոպտութեամբ եւ վայրագ միջոցներով: Խտրականութիւնը հետզհետէ կը մեղմանայ այն պահուն` երբ բանականութիւնը կ՚ըլլայ գերիշխող եւ հանդուրժողութիւնը ուղղորդիչ գործօն:

Այսօր, մեծարելով կանանց օրը, պարտինք յարգանքով յիշատակել այն փաղանգը կին խաւին, որ ֆեմինիստական ազդու շարժումով աստիճանաբար եկաւ վերացնելու կանանց շուրջ գոյացած խտրական, անարդար եւ նախապաշարեալ կարծրատիպը` դարերէ ժառանգուած: Այդ շարժման առաջին նախաքայլերը ի՜նչ տարօրինակ կը հնչէին, ի՜նչ աղմուկ կը բարձրանար եւ պահպանողական ինչ-ինչ յետամնաց ուժեր մաղձ ու թոյն կ՚արտածորէին:

Կնոջ դերը հաւաքականութենէն ներս բազմակողմանի է, ի հարկէ տղամարդկանց գերազանցող: Շատեր գիտնալով այդ, կը խուսափին ճշմարտութենէն, կ՚ուզեն կոծկել իրականութիւնը:

Ընտանիք-ազգ-պետութիւն եռեակին առանցքը կինն է, որ թէ՛ մայր է, թէ՛ դաստիարակ եւ թէ՛ ընկերային ծառայող եւ տղամարդկանց ոգեշնչող: Առողջ ընկերութեան մը նախապայմանը անոր դրական կեցուածքն է կնոջ հանդէպ:

Եկէք սերտենք անցեալը եւ պիտի նկատենք թէ կինը իր բազմաշնորհ կարողութեամբ կրնայ ճակատագրական դեր ունենալ բազմաթիւ ոլորտներէ ներս: Գիտութեան, արուեստներու, գրականութեան, պետական պաշտօններու, բարդ կնճիռներու հանգուցալուծման, ազատագրական պայքարներու, լրտեսութեան, դաւերու եւ խարդաւանքներու կիզակէտին կրնայ յայտնուիլ ան: Այս օրերուն ի՜նչ ժամանակավրէպ կը հնչէ այն խեղկատակ կարծիքը` թէ կինը խոհանոցի եւ մայրութեան համար է լոկ: Այս յետամնաց թիւրըմբռնումը հասարակութիւնը կը տանի լճացման եւ խաւարամտութեան:

Միայն Մարտ 8-ին չէ որ պէտք է յիշենք կինը: Այլեւ, անոր ամէնօրեայ ներկայութիւնը մեր չորսդին կը պարտաւորեցնէ ըլլալ փափկանկատ եւ յարգալից անոր նկատմամբ: Եւ եթէ փորձենք թափանցել շատ մը երեւոյթներու խորքը, կը նշմարենք թէ կինն է թաքնուած անոր ետին: Անտեսանելի, բայց ոգեւորիչ ուժն է ան` մեծ գործեր խթանող:

Ահա օրինակներ հայ գրականութենէն.- իշխանուհի Մարիամ Թումանեանը եթէ չըլլար շատ բան պիտի տուժէր Յովհաննէս Թումանեանի կտակած գրականութիւնը: Շուշանիկ Մատակեանը եղաւ Աւետիք Իսահակեանի բեղուն քնարին ակունքը: Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերուն կեդրոնական տիպարը կինն է: Եղիշէ Չարենցի բոցող գրիչը բռնկած էր կնոջ հուրով: Սուլամիթան մնաց Պարոյր Սեւակին ներշնչումներուն հերոսուհին: Վահան Տէրեան ինչքա՜ն երգեց սէրը, մինչ Դուրեան տառապեցաւ անոր կարօտէն:

Դեգերինք հայ ազատագրական պայքարի էջերով եւ ահա կը տեսնենք Մարօ Նազարբէկեանը որպէս հայ ժողովուրդի Ժան Տ՚արք` իր յեղափոխական նկարագիրով: Սօսէ մայրիկ եւ Ռուպինա Արեշեան գտնուեցան պայքարի առաջնագիծին: Հետաքրքրական է նշել Գում Գաբուի եւ Պապը Ալիի ցոյցերուն կանանց եւ դեռատի աղջիկներու խանդավառ մասնակցութիւնը գրագիտուհի Մառի Պէյլէրեանի առաջնորդութեամբ, որոնց մասին ակնարկելով Երուանդ Օտեան կը բնութագրէ` «հնչակուհիներ»: Ի՞նչպէս մոռնալ անձնդիր մայրերու այն շերտը, որ յետ-եղեռնեան դժնդակ պայմաններուն ապահովեց սերունդի մը հայեցի դաստիարակութիւնը: Կինը կանգնեցաւ` որպէսզի ազգը իր հետ վերականգնի:

Երեւանի ամենաբարձրադիր արձանը մայր Հայաստանն է: Ան կարծէք կը հսկէ հայրենիքին վրայ: Կը հսկէ` թուրը ձեռքին: Ի՜նչ խորիմաստ մնայուն ներկայութիւն է ան հայոց մայրաքաղաքի սիրտին: Անոր շուքն ու հեղինակութիւնն է որ կը միացնէ ազգին ցաքուցրիւ զաւակները: Ան է հայ զինուորին պահապանը եւ եթէ հերոսածին մայրեր չըլլային, ապա ո՞վքեր պիտի կանգնէին Հայաստանի սահմաններու խրամատներու ետին: Աւելին, կինը եթէ չբազմացնէ սերունդները, ապա որո՞նց վստահիլ ազգին ապագան: Ուրեմն` կեանքի շարունակականութեան, անվտանգութեան, հայրենասիրութեան եւ բարոյականութեան բաղադրիչները իր մէջ կը կրէ կինը, որուն տօնն է այսօր:

Այլեւս տհաճ կը հնչէ խօսիլ կանանց հաւասարութեան մասին: Ընդհակառակը` պիտի աշխատիլ որ կինը աւելի ընդգրկուն եւ լայն պարտականութիւններ ստանձնէ հաւաքականութենէն ներս: Եւ իմանալ որ կան ընկերութիւններ, որ 21-րդ դարուն տակաւին կը սահմանափակեն կնոջ իրաւունքները, կամ վերապահ եւ կասկածամիտ են կնոջ կարողութեանց եւ ունակութեանց շուրջ, ապա ի՜նչ զաւեշտալի կացութեան կը մատնուին նմաններ:

Մարտ 8-ի առիթով, մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է ողջունել կնոջ անուրանալի վաստակն ու դերակատարութիւնը անցեալին, այսօր եւ ապագային. շեշտել անոր ամբողջական հաւասարութեան վրայ. չքացնել յամեցող թերահաւատութիւնը կնոջ հանդէպ. զայն յարգել, բարձրացնել եւ մեծարել` քանզի անոր ձեռքերուն մէջն է մեր ապագան եւ ուռճացող սերունդը մարդկութեան:

Կանանց միջազգային օրուան առիթով բի՜ւր ողջոյն մեր մայրերուն, քոյրերուն, դուստրերուն, ընկերուհիներուն եւ բոլոր անոնց որոնք եղան եւ են ջատագովները կնոջ հաւասարութեան:

Դէպի ամբողջական հաւասարութիւն եւ աւելի՛ն…։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«ԱՐԱՐԱՏ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment