Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (A.M.A.A.) եւ տեղւոյս Լարք Երաժշտանոցի միացեալ մեծ համերգն այս տարի տեղի ունեցաւ Շաբաթ 4 Մարտ, 2017, Փասատինայի Մեթետիստ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 800 երաշժտասէր եւ հայրենասէր հասարակութեան:
‘Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի զոհերուն նուիրուած սոյն պատմական համերգէն առաջ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, օրուան նիւթին շուրջ մասնագիտական ելոյթով հանդէս եկաւ երաժշտաբան Տօրիս Մելգոնեան: Ան ամփոփ գիծերով ներկայացուց հոգեհանգիստի բառերը գրող բանաստեղծ Ուիլֆրիտ Օուէնն ու կոմպոզիտոր Պէնճամին Պրիթթընի յօրինումին տուն տուող պատճառը« որ Քովենթի Մայր Տաճարի ռմբակոծումն էր ու հետեւանքը:
Ապա Պէնճամին Պրիթթընի «Պատերազմի Հոգեհանգիստ» (War Requiem) համերգի կազմակերպիչ կոմիտէի անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ատենապետ Գէն Գէորգեան: Ան իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի եւ Արցախի ազատագրութեան զոհերու հարազատներուն:
Նահատակներու հոգիներու անդորրութեան համար ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Հայ Աւետարանականներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր տնօրէն` Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի ոգեշունչ աղօթքը:
Իր բացման խօսքին մէջ Լարք Երաժշտական Ընկերակցութեան ատենապետ` Անտի Թորոսեան ընդգծեց. «Այստեղ Լոս Անճելոսի մէջ մեր սիրտերն ու միտքերը չէին կրնար հանգիստ մնալ, քանի որ Սուրիոյ եւ Արցախի մէջ զոհերը կը շարունակուէին իյնալ: Այսօրուան համերգն իր երաժշտութեամբ նուիրուած է վնասներուն եւ միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար»:
Մեր գաղութին համար այս ինքնատիպ համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին զոյգ նուագախումբեր սենեկային եւ համանուագային, ինչպէս նաեւ զոյգ երգչախումբեր, գլխաւոր երգչախումբն ու մանկական «Ծիածան» երգչախումբը: Սոյն միջոցառումի գլխաւոր աստղերն էին տաղանդաւոր մեներգիչներ Շուշան Պարսումեան (սոփրանօ) Եղիշէ Մանուչարեան (թենոր) եւ Էտուարտ Լէվի (պարիթոն), որոնք իրենց գերազանց կատարումներով մեծապէս տպաւորեցին ներկաները: Այս բոլորն ընդելուզուած էին վաստակաշատ խմբավար մաեսթրօ Վաչէ Պարսումեանի կախարդական մականին ներքեւ:
Գեղեարուեստական կամ երաժշտագիտական մասնագիտական քննարկում կատարել չէ մեր նպատակը, այլ արժեւորել ու խորապէս գնահատել այս վիթխարի նախաձեռնութիւնը, որ իրապէս բացառիկ յաջողութիւն մըն էր: Արդարեւ «Պատերազմի Հոգեհանգիստը» մեզի ներկայացուեցաւ հասկնալի հայերէն թարգմանութեամբ, որ կը պարզուէր բեմին մօտ զետեղուած պաստառին վրայ:
Լատիներէն եւ անգլերէն լեզուներով հրամցուած երգերն ու անոնց մէջէն արտաբերուած հոգեշունչ խօսքերը, ոսոխին դէմ եղած ատելավառ արտայայտութիւններն ու դէպի մահ քալողները կ’ըսէին. «աշխարհը պիտի դատուի երբ դատաւորը ատեան նստի»:
Նուագախումբի շեփորներն ու թմբուկներու եւ հարուածային գործիքներու ահագնաշունչ ձայները, երբեմն ալ բազմաձայն երգչախումբերու ներդաշնակ ընկերակցութիւնները, մասնակցութեամբ մեներգներու եւ կամ զուգերգներու, յատկապէս մանկական երգչախումբին` ներկաները կը փոխադրուէին երեւակայական այլ աշխ. «Յաւերժական հանգիստ տուր անոնց, Տէ¯ր, եւ թող մշտնջենական լոյս ծագի անոնց վրայ: Թող խաղաղութեան մէջ ննջեն անոնք: Ամէն»:
Համերգի աւարտին ներկաներու մաղթանքն էր որ խաղաղութեան աղաւնին մշտապէս սաւառնի Սուրիոյ եւ Արցախի վրայ, իսկ յաղթանակը ժողովուրդինն է…:
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպիչներուն հովանաւորներուն եւ այս հոյակապ միջոցառումի յաջողութեան սատարողներուն:
Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ