Յառաջիկայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն առթիւ, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) հրապարակեց կազմակերպութեան զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու ցանկը:
Առանձնացնելով Լոս Անճելըսի հայաշատ շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք երկու ընտրութիւններ, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի 43-րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Արտաշէս Քասախեանին եւ Լոս Անճելըս Գաւառի Վերակացուներու Խորհուրդի 5-րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Քէթրին Պարկըրին:
Այս առթիւ հրապարակուած զօրակցական հաղորդագրութիւններուն մէջ ՀԱԽ կու գայ յայտարարելու թէ, Քասախեան միշտ եղած է իրագործումներ արձանագրած համայնքային գործիչ մը: Ան յանձնառու եղած է զարգացնելու շրջանի տնտեսութիւնը ու բարելաւելու դպրոցներու եւ թաղամասերու վիճակը:
Քէթրի Պարկըրի կապակցութեամբ ՀԱԽ խիստ կարեւոր կը նկատէ անոր ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնը` որպէս այդ աթոռի այժմու վերակացու Մայք Անթոնովիչի գրասենեակի ղեկավար:
Քէթրին Պարկըր եղած է Հայ համայնքի երկար տարիներու բարեկամը, մեծ օգտակարութիւն ունենալով շրջանի ժողովուրդին:
Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը կոչ կ’ընէ շրջանի հայութեան անպայմանօրէն մասնակցելու Նոյեմբեր 8-ի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու վերոյիշեալ թեկնածուներուն: