Անթալիայի մէջ ընթացող COP31 Առաջնորդներու գագաթաժողովի շրջանակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ:
Զրուցակիցները կարեւորած են Երեւանի մէջ օրերս կայաած Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն ու անոնց արդիւնաւէտ իրականացումը:
Կողմերը ընդգծած են երկկողմ բարձր մակարդակի հանդիպումներուն աշխոյժ բնոյթը եւ համոզմունք յայտնած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան կապերու ընդլայնման տարբեր ուղղութիւններով:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր:
Յիշեցնենք, որ վարչապետը Անթալիոյ մէջ ներկայ եղած է ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանագրութեան կողմերու 31-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող Առաջնորդներու գագաթաժողովի բացման արարողութեան:

