Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչպէ՞ս Ունենալ Պետականակեդրոն Ընդդիմութիւն

Ինչպէ՞ս Ունենալ Պետականակեդրոն Ընդդիմութիւն

by MassisPost

Հայաստանի շարք մը համայնքներուն մէջ վերջերս տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին, բազմաթիւ վայրերու մէջ, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ ձայներուն 70, 80 կամ նոյնիսկ 90 տոկոսը։ Այս արդիւնքներուն անդրադառնալով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք երբեք ալ երջանիկ չէ նման արդիւնքներու համար, քանի որ անոնք կրնան մենատիրութեան եւ բռնապետութեան տպաւորութիւն ստեղծել։

Նման արդիւնքներու արձանագրման մէջ իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի նաեւ ընդդիմութիւնը, որ համայնքներուն մեծ մասին մէջ չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, ինչ որ առիթ տուաւ իշխող կուսակցութեան՝ առանց լուրջ մրցակցութեան արձանագրելու նման բարձր արդիւնքներ։

Խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն երկրորդ տեղը գրաւած եւ աւելի քան 300 հազար ձայն ստացած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը ՏԻՄ ընտրութիւններուն կը մասնակցէր 19 համայնքներէն միայն մէկուն մէջ, հակառակ անոր որ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան յայտարարած էր, թէ ՏԻՄ ընտրութիւններով պիտի սկսէր իշխանափոխութեան համար իրենց պայքարը։

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ ռուսաստանահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած կուսակցութիւնը կը մեղադրուէր կաշառք բաժնելու մէջ։ Իսկ այդքան ձայն ստացած ուժի չմասնակցիլը ՏԻՄ ընտրութիւններուն կրնայ կասկած յառաջացնել, թէ այդ մեղադրանքները իրականութենէն այնքան ալ հեռու չէին։ Այլապէս, ան պէտք էր մասնակցէր ընտրութիւններուն եւ տէր կանգնէր իր ընտրողներուն ձայներուն։

Այս առթիւ Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանը պետականակեդրոն ընդդիմութեան կարիք ունի։ Սակայն կառավարութիւնը պէտք չէ մասնակցի նոր ընդդիմութեան ստեղծման, քանի որ այդ պարագային կրնայ վերականգնիլ նախկին «յաճախորդ» կամ «կառավարելի» ընդդիմութեան երեւոյթը։

2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն եւ համակարգային փտածութեան (կոռուպցիայի) մէջ մխրճուած իշխանութեան տապալումէն ետք շատեր կը յուսային, որ նախկին իշխանաւորները պիտի հեռանան կամ հեռացուին քաղաքական դաշտէն, եւ հրապարակ պիտի գան նոր ուժեր, որոնք պիտի ներկայանան որպէս գործող իշխանութեան այլընտրանք։ Սակայն ութը տարի անց տակաւին այդ ակնկալուած փոփոխութիւնը տեղի չէ ունեցած, որուն համար շատեր կը մեղադրեն Փաշինեանի իշխանութիւնը, որ վճռական քայլերու չդիմեց՝ «թալանչիները» քաղաքական ասպարէզէն հեռացնելու համար։

Այն, որ Հայաստանը առողջ ու պետականամէտ ընդդիմութեան կարիք ունի, որ իր քաղաքական հաշիւներէն վեր կը դասէ Հայաստանի պետական շահերն ու ինքնիշխանութիւնը՝ կասկածէ վեր է։ Սակայն խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասնիլ այդ նպատակին, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ ընտրութիւն կատարել տարբեր ուժերու միջեւ՝ վստահ ըլլալով, որ վերադարձ պիտի չըլլայ նախկին իրավիճակին, երբ ընտրութիւնները կը կեղծուէին, ազատութիւնները կը սահմանափակուէին, տնտեսութիւնը կը գտնուէր մենաշնորհեալ դասակարգի մը ձեռքերուն մէջ, իսկ երկիրը կ’որդեգրէր միաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն։

Խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները անգամ մը եւս եկան ցոյց տալու, որ քաղաքական պայքարին մէջ գերակշռողը նիւթական միջոցներու առատութիւնն է։ Այդ միջոցները կը գտնուէին Քոչարեանի, Ծառուկեանի, Սամուէլ Կարապետեանի եւ, անշուշտ, իշխող ուժին մօտ։ Այս ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ ունին նաեւ լրատուական լայն ցանցեր, որոնցմէ զրկուած են միւս ուժերը։ Մէկ խօսքով՝ դաշտը հաւասար չէ բոլորին համար։

Միւս կողմէ, ստեղծուած կացութեան համար իրենց մեղքի բաժինը ունին նաեւ ժողովրդավարական սկզբունքներ դաւանող ուժերը, որոնք, փոխանակ հասարակ յայտարարի գալով միաւորուելու եւ մէկ ճակատ կազմելով ընտրութիւններուն ներկայանալու, ու այդպէսով ժողովուրդին իրական այլընտրանք մը առաջարկելու, կը շարունակեն գործել բաժան-բաժան՝ առանց յաջողութեան հասնելու։

Հասկնալի է, որ կառավարութիւնը պէտք չէ մասնակցի նոր ընդդիմութեան ստեղծման։ Սակայն ան կրնայ օրէնսդրական քայլերով սահմանափակել այն ուժերուն մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն, որոնք կը դիմեն կաշառքի ու պատրաստ են Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը այլ պետութեան զիջելու։ Այլապէս, յաջորդ ընտրութիւններուն կրնան ի յայտ գալ նոր Սամուէլ Կարապետեաններ, որոնք, օտարէն ուղղորդուելով, պիտի փորձեն տիրանալ երկրի ղեկին։

Որեւէ իշխանութիւն յաւիտենական չէ, եւ այժմէն իսկ պէտք է պատրաստուիլ քաղաքական դաշտի մաքրագործման ու բիւրեղացման, քանի որ վաղը ուշ կրնայ ըլլալ։

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment