Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սպանիոյ Թագուհի Նորին Մեծութիւն Սոֆիան Ժամանած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն

Սպանիոյ Թագուհի Նորին Մեծութիւն Սոֆիան Ժամանած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն

by MassisPost

Հոկտեմբեր 27-ին Սպանիոյ թագուհի Նորին Մեծութիւն Սոֆիան ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութիւն:

«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ Նորին Մեծութիպնը դիմաւորած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնաամրզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը։

Թագուհիին Հայաստան այցը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 29։ Այցի շրջանակին մէջ Նորին Մեծութիւնը պիտի մասնակցի Արքայազն Թալալի անուան մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր եւ պիտի մասնակցի մշակութային ու Հայաստան-Սպանիա բարեկամական կապերուն նուիրուած միջոցառումներու:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Սպանիոյ թագուհին:

Վարչապետը ողջունած է Նոր Մեծութեան այցը եւ յոյս յայտնած, որ ան մեր երկրէն կը ստանայ ջերմ տպաւորութիւններ։ Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ այս տարի արդէն Սպանիոյ երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ նախ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի, ապա թագուհի Սոֆիայի այցերը Հայաստան կը վկայեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին։

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ պէտք է օգտագործել երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ դրական շարժը՝ քաղաքական երկխօսութիւնն ալ աւելի ամրապնդելու նպատակով։

Թագուհի Սոֆիան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշած, որ տպաւորուած է ջերմ հիւրընկալութեամբ ու Հայաստանով։ Նորին մեծութիւնը նշած է, որ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Արքայազն Թալալի անուան
մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, ներկայ պիտի գտնուի Հայաստան-Սպանիա բարեկամական կապերուն նուիրուած միջոցառումներու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment