Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Նախագահը Կ’առաջարկէ Հոկտեմբեր 27-ի Գործի Չբացայայտման Վերաբերեալ Հարցերը Ուղղել Ռոպերթ Քոչարեանին Ու Սերժ Սարգսեանին

ԱԺ Նախագահը Կ’առաջարկէ Հոկտեմբեր 27-ի Գործի Չբացայայտման Վերաբերեալ Հարցերը Ուղղել Ռոպերթ Քոչարեանին Ու Սերժ Սարգսեանին

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնած է, որ Հոկտեմբեր 27-ի պատուիրատուներու բացայայտման հարցով իշխանութիւնը շահագրգռուած է՝ միաժամանակ հարց ուղղելով, թէ ինչու գործին այդ հանգամանքները չեն բացայայտուած Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման տարիներուն։

Ռուբինեան այս մասին խօսած է Հոկտեմբեր 27-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով գործի բացայայտման համար քաղաքական կամքի վերաբերեալ հարցին։

Անոր գնահատմամբ՝ նման յանցագործութիւններու պատուիրատուները բացայայտելու աւելի նպաստաւոր ժամանակահատուածը յանցագործութեան անմիջապէս յաջորդող շրջանն է։

«Նման յանցագործութիւնների պատուիրատուներին բացայայտելու ամենահեշտ ճանապարհը կամ ամենահեշտ ժամանակը դրան անմիջապէս յաջորդող շրջանն է»,- ըսած է Ռուբինեան։

ԱԺ նախագահը յիշեցուցած է, որ ահաբեկչութեան պահուն Ռոպերթ Քոչարեանը կը զբաղեցնէր նախագահի, իսկ Սերժ Սարգսեանը՝ ազգային անվտանգութեան նախարարի պաշտօնը։ Ան ընդգծած է, որ անոր յաջորդած տարիներուն եւս անոնք զբաղեցուցած են երկրի ղեկավար պաշտօնները։

«Բնականաբար, չկայ քաղաքական ուժ, որը մեզնից շատ է շահագրգռուած այս յանցագործութիւնը բացայայտելու համար»,- յայտնած է ԱԺ նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment