Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացիկ փուլը քննարկած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի ընդլայնման եւ Արեւելեան Հարեւանութեան հարցերով գլխաւոր տնօրինութեան ղեկավար Կերթ Յան Քուփմանը, այսօր Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:
Փաշինեան նշած է, որ Կառավարութիւնը շահագրգռուած է փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ թուայնացման ոլորտներուն մէջ կապերու խորացմամբ, ինչպէս նաեւ տնտեսական բազմազանեցման եւ դիմակայունութեան ամրապնդմամբ։
Վարչապետը ընդգծած է նաեւ հայկական ապրանքներու արտահանման խթանման ուղղուած ԵՄ աջակցութեան եւ հայ արտադրողներու եւ արտահանողներու տեխնիկական կարողութիւններու զարգացման ծրագրերի կարեւորութիւնը։
Քուփման, իր հերթին, ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգը եւ յայտնած, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը Հայաստանի կայուն զարգացման նպաստող ոլորտներուն մէջ։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան, տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման առնչուող հարցեր։
Եւրոմիութեան առաջարկած առեւտրային արտօնութիւններով հայկական քանի մը հարիւր տեսակի ապրանքներ հնարաւորութիւն ստացած են եւրոպական շուկայ արտահանուիլ առանց մաքսատուրքի։ Առեւտուրի ինքնավար միջացառումներ (Autonomous Trade Measures – ATM) սահմանելով Պրիւքսէլը նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան, ռուսական առեւտրային սահմանափակումներէն յետոյ:

