ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն յայտնած է, որ ՊԵԿ պաշտօնական կայքով հրապարակուած է 2026 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:
1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէ 2026 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է 1 թրիլիոն 638 միլիառ դրամ՝ գերազանցելով նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշը 199 միլիառ դրամով․ նախորդ տարուայ ցուցանիշը կազմած է 1 թրիլիոն 439 միլիառ դրամ:
Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է 1 թրիլիոն 367 միլիառ դրամ․ պետական պիւտճէ մուտքագրուած է նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշէն 188 միլիառ դրամով աւելի։
Մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է 271 միլիառ դրամ․ պետական պիւտճէ մուտքագրուած է նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշէն 10 միլիառ դրամով աւելի։
1000 խոշոր հարկ վճարողներու վերաբերեալ ցանկը հասանելի է ՊԵԿ պաշտօնական կայքի «Տեղեկութիւն հարկ վճարողների վերաբերեալ» բաժնի «Հարկ վճարողների վերաբերեալ տեղեկատուական ցանկեր» ենթաբաժնին մէջ:

