Ամերիկեան NVIDIA արհեստագիտական ընկերութիւնը յայտարարած է Հայաստանի մէջ իր գործունէութեան ընդլայնման մասին՝ երկիրը դիտարկելով որպէս հարթակ ԱՊՀ այլ պետութիւններու մէջ իր ծրագրերու զարգացման համար։ Այս մասին LinkedIn-ի իր էջով յայտնած է NVIDIA-ի փոխնախագահ Ռեւ Լեբարեդեանը։
«Մենք զարգացնում ենք Հայաստանում արհեստական բանականութեան բնապահպանական համակարգում մեր ներդրումների հիման վրայ կատարուող աշխատանքը՝ ընդլայնելով այն տարածաշրջանում։ Ճենսենի հետ վերջերս Ղազախստան կատարած մեր այցն այդ ուղղութեամբ եւս մէկ քայլ էր։ Առջեւում այլ երկրներ են»,- գրած է Լեբարեդեան՝ նկատի ունենալով NVIDIA-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճենսեն Հուանկին։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը մասնագիտական ներուժ ունի տարածաշրջանային այս ընդլայնման գործին մէջ առաջատար դեր ստանձնելու համար։
«Հայաստանն ունի այն տաղանդաւոր մասնագէտները, որոնք կարող են օգնել առաջնորդել այս աճը։ Մեզ այստեղ անհրաժեշտ են մարդիկ, որոնք կը կարողանան այդ ներուժը կապել սահմաններից դուրս առկայ հնարաւորութիւնների հետ»,- նշած է NVIDIA-ի փոխնախագահը։
Լեբարեդեանի տեղեկացմամբ՝ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը փնտռէ ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ ծրագրային ապահովման մշակողներու հետ կապերու պատասխանատու (Developer Relations Manager)։
NVIDIA-ի տարածաշրջանային ընդլայնման կարեւոր նախագիծերէն մէկը Հայաստանի մէջ Firebird ընկերութեան արհեստական բանականութեան տուեալներու կեդրոնն է։ Անոր ստեղծման մասին յայտարարուած էր 2025-ի Յունիսին՝ շուրջ 500 միլիոն տոլարի նախնական ներդրումային ծրագրով։ Որպէս ծրագրի զարգացման առաջին փուլ՝ 2026-ի Օգոստոսին Հրազդանի մէջ գործարկուած է նոր կեդրոն։
Firebird-ի կեդրոնը, որ ստեղծուած է NVIDIA-ի եւ Dell Technologies-ի արհեստագիտական մասնակցութեամբ, առաջին փուլին նախատեսուած է 6144 բարձր արտադրողական NVIDIA կրաֆիկական մշակիչներու համար։ Անոնք թոյլ կու տան մշակել, ուսուցանել եւ գործարկել արհեստական բանականութեան համակարգեր՝ անհրաժեշտ հաշուողական հզօրութիւնները տրամադրելով ինչպէս հայկական, այնպէս ալ արտասահմանեան ընկերութիւններուն եւ հետազօտողներուն։
Firebird-ը կը նախատեսէ հետագային էապէս ընդլայնել Հրազդանի կեդրոնը՝ մինչեւ 2027-ի աւարտը տեղակայուած մշակիչներու թիւը հասցնելով աւելի քան 70 հազարի, իսկ ենթակառուցուածքի հզօրութիւնը՝ 300 մեկաուաթի։ Ընկերութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծաւալը մինչեւ 4 միլիառ տոլարի հասցնելու ծրագրի մասին։
Հայաստանէն յետոյ Firebird-ը NVIDIA-ի արհեստագիտական աջակցութեամբ համանման ենթակառուցուածք կը զարգացնէ նաեւ Ղազախստանի մէջ։ Ղազախական Kazakhtelecom հեռահաղորդակցական ընկերութեան հետ իրականացուող նախագիծը կը նախատեսէ արհեստական բանականութեան տուեալներու խոշոր կեդրոնի կառուցում։ Առաջին փուլը արդէն կառուցման ընթացքի մէջ է, իսկ շահագործումը կը նախատեսուի սկսիլ 2027-ի երրորդ եռամսեակին։
Ղազախստանի կառավարութեան հաղորդմամբ՝ 2026-ի Յունիսին Firebird-ի եւ ղազախական գործընկերներու միջեւ ստորագրուած են արհեստական բանականութեան ենթակառուցուածքներու զարգացման վերաբերեալ համաձայնագրեր՝ շուրջ 10 միլիառ տոլարի ներդրումային ծաւալով։

