Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութիւնը Շահագրգիռ Է Կապերու Ընդլայնմամբ․ Վարչապետը Առանձնազրոյց Ունեցած Է Թուրքմենիստանի Նախագահին Հետ

ՀՀ Կառավարութիւնը Շահագրգիռ Է Կապերու Ընդլայնմամբ․ Վարչապետը Առանձնազրոյց Ունեցած Է Թուրքմենիստանի Նախագահին Հետ

by MassisPost

Թուրքմենպաշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առանձնազրոյցը Թուրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ:

Վերջինս ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ կարեւորած է երկկողմ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ յաւելած, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնմամբ ու խորացմամբ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Թուրքմենիստան յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment