Home ՍՓԻՒՌՔ Հայաստանցի Երեխաներուն Այլեւս Չի Թոյլատրուիր Յաճախել Սթամպուլի Հայկական Դպրոցներուն Մէջ. Պոլսահայ Համայնքը Լուծումներ Կը Փնտռէ

Հայաստանցի Երեխաներուն Այլեւս Չի Թոյլատրուիր Յաճախել Սթամպուլի Հայկական Դպրոցներուն Մէջ. Պոլսահայ Համայնքը Լուծումներ Կը Փնտռէ

by MassisPost

Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան նոր որոշմամբ՝ այդ երկրին մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացի երեխաները այլեւս պիտի չկարենան կրթութիւն ստանալ հայկական փոքրամասնական դպրոցներուն մէջ։

Շուրջ տասը տարի հայաստանցի այս երեխաներուն, որուն ծնողները Թուրքիոյ մէջ ունին աշխատանքի կամ բնակութեան իրաւունք, թրքական իշխանութիւնները «հիւր-աշակերտի» կարգավիճակով կը թոյլատրէին կրթութիւն ստանալ Սթամպուլի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Այստեղ երեխաները, թրքահայ երեխաներու հետ կողք-կողքի, կը մասնակցէին բոլոր դասընթացքներուն, կը յանձնէին քննութուններ, սակայն պաշտօնական աւարտական վկայական չէին ստանար։ Փոխարէնը, անոնց կը յանձնուէր աւարտական գնահատականները պարունակող փաստաթուղթ։

Սակայն Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան տեսուչները օրերս տեղեկացուցած են հայկական դպրոցներուն, որ անոնց հարկին տակ հայաստանցի երեխաները այլեւս չեն կրնար շարունակել ուսումը։ Փոխարէնը, նոր որոշման համաձայն՝ այդ երեխաները պէտք է կրթութիւն ստանան թրքական պետական դպրոցներուն մէջ։

Սթամպուլի հայկական «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան  «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին նշեց, որ նախարարութեան նոր որոշումը չի վերաբերիր միայն հայկական դպրոցներուն եւ հայաստանցի երեխաներուն։ «Նախարարութիւնը ուրիշ փոքրամասնական դպրոցներու պարագային ունեցած է որոշ դիտարկումներ, որոնց հիման վրայ միջամտութեան անհրաժետութիւն զգացած է։ Եւ անոր հիման վրայ ստեղծուած է իրավիճակ մը, որ Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներուն երեխաները, որոնք մեր դպրոցներ կը յաճախեն «հիւր-աշակերտի» կարգավիճակով, կը զրկուին այդ հնարաւորութենէն»,- ըսաւ Գոչունեան։

Ան մանրամասնեց, որ տուեալ պարագային խօսքը միայն հայկական համայնքային դպրոցներու մասին է եւ չի վերաբերիր Սթամպուլի մէջ գործող «Հրանդ Տինք» դպրոցին։ 2000-ականներու սկիզբէն գործող այս դպրոցին մէջ, որ չի ճանչցուիր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ու չունի որեւէ կարգավիճակ, կրթութիւն կը ստանան Թուրքիոյ մէջ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած հայաստանցի գաղթականներու երեխաները: Այստեղ կրթութիւնը կ’իրականացուի հայկական դասագիրքերով՝ Հայաստանի կրթական ծրագրին համապատասխան։

«Հրանդ Տինք» դպրոցը աւարտող երեխաները հնարաւորութիւն կը ստանան գալու Հայաստան ու քննութիւն տալէ յետոյ շարունակելու կրթութիւնը Հայաստանի մէջ։ Իսկ փոքրամասնական դպրոց յաճախող երեխաները չունին որեւէ կարգավիճակ եւ նոյնիսկ պաշտօնական վկայական չեն ստանար։ Թէպէտ նոյնիսկ գնահատականները փաստող թուղթի առկայութիւնը Հայաստանի մէջ յաճախ խնդիրներ կ’առաջացնէ այդ երեխաներուն կրթութիւնը շարունակելու տեսանկիւնէն, այդուհանդերձ, հայաստանցի այս երեխաները Սթամպուլի մէջ ինչ-որ ձեւով կրթական միջավայրի մէջ գտնուելու հնարաւորութիւն կ’ունենային»,- նշեց Գոչունեան։

Ան տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու՝ հիմնադրամներու միութիւնը խնդիրին վերաբերեալ հանդիպում պիտի ունենայ, որուն պիտի մասնակցին դպրոց ունեցող բոլոր հիմնադրամներուն ներկայացուցիչները։ Կ’ակնկալուի, որ հանդիպման մասնակիցները պիտի փորձեն քննարկել ստեղծուած իրավիճակին մէջ ելքեր գտնելու հնարաւորութիւնը։

Սթամպուլի հայկական վարժարաններ կը յաճախեն մինչեւ 3000 երեխայ, որոնցմէ մօտ 70-ը Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ մինչեւ այսօր կրթութիւն ստանցած են «հիւր-աշակերտի» կարգավիճակով։

«Ընդ որում, «հիւր-աշակերտի» կարգավիճակով դպրոց յաճախելու պարագան ալ տեղի կ’ունենար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ։ Հիմա համայնքային վարիչները կը փորձեն ուսումնասիրել խնդիրին զանազան ծալքերը եւ առաջարկներ ներկայացնել իշխանութիւններուն՝ փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է լուծում տալ հարցին»,- նկատեց Գոչունեան։

Ան յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումէն յետոյ հայկական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը կրնայ նախաձեռնել այցելութիւն Սթամպուլի նահանգապետարան՝ այնտեղ բարձրացնելու համայնքը մտահոգող այս հարցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment