Ռուսաստանը պատրաստ է Հայաստանի հետ կառուցողական երկխօսութիւն վարելու բուսասանիտարական վերահսկողութեան հարցերու շուրջ։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
«Խօսքը այն մասին չէ՝ Հայաստանի մէջ ուշքի կու գան, թէ ոչ, այլ այն, որ պէտք է պահպանուին բուսասանիտարական վերահսկողութեան պահանջները։ Եւ, բնականաբար, մենք պատրաստ ենք նման կառուցողական երկխօսութեան։ Սակայն, ցաւօք, կը տեսնենք, որ հայկական կողմին հետ կապուած որոշակի խնդիրներ կան, եւ, համապատասխանաբար, այդ երկխօսութիւնը կը շարունակուի», – ըսած է Օվերչուք։
Ան յիշեցուցած է, որ վերջերս Ռուսաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Օքսանա Լութը Հայաստանի տնտեսութեան նախարարին հետ հանդիպման ընթացքին բարձրացուցած էր Հայաստանէն արտահանուող բանջարեղէնի եւ միրգերու հետ կապուած խնդիրները։
«Խօսքը այն մասին չէ, որ անոնք անորակ են, սակայն անոնց մէջ կան վնասատուներ եւ հիւանդութիւններ», – պարզաբանած է ՌԴ փոխվարչապետը։
Վերջին ամիսներուն Ռուսաստանը փուլ առ փուլ սահմանափակումներ կը մտցնէ Հայաստանէն արտահանուող տարբեր ապրանքներուն համար:
Քանի մը օր առաջ Ռուսաստանը Հայաստանէն պահանջած էր ներկայացնել սանիտարական ստուգումներու արդիւնքները եւ յստակ ծրագիր՝ ԵԱՏՄ անասնաբուժական ու բուսասանիտարական պահանջները պահպանելու համար։

