Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրած է մշտական յանձնաժողովներու նախագահները։ 105 պատգամաւորէն քուէարկութեան մասնակցած է 102-ը:
Առաջադրուած 12 յանձնաժողովներու նախագահներէն ընտրուած են 9-ը, 8-ը՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութենէն, 1-ը՝ «Հայաստան» խմբակցութենէն, «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան առաջադրած թեկնածուները չեն ընտրուած։
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Վիլէն Գաբրիէլեան ընտրուած է Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Արուսեակ Ջուլհակեան ընտրուած է Պետական եւ իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Հայկ Ֆարմանեան չէ ընտրուած Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Սարգիս Խանդանեան ընտրուած է Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Բաբկէն Թունեան ընտրուած է Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Դաւիթ Ղազինեան չէ ընտրուած Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Սիսակ Գաբրիէլեան ընտրուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի եւ սփիւռքի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Լիլիթ Գալստեան ընտրուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Լուսինէ Բադալեան ընտրուած է Առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու ԱրեգայՅովսէփեանը չէ ընտրուած Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Նազելի Բաղդասարեան ընտրուած է Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Տրդատ Սարգսեան ընտրուած է Տարածաշրջանային եւ Եւրասիական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ։
Ընդհանուր համամասնութեամբ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը ստացած է 8 յանձնաժողովի նախագահի եւ 7 տեղակալի, «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ 3 նախագահի եւ 4 տեղակալի, իսկ «Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ 1 նախագահի եւ 1 տեղակալի պաշտօն։
«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան յայտնեց, որ չընտրուած թեկնածուներուն փոխարէն խմբակցութիւնը այդ յանձնաժողովներու նախագահի պաշտօնին այլ թեկնածուներ պիտի առաջադրէ։
«Քանի որ մեր առաջադրած թեկնածուները չեն ընտրուել, կարծում եմ, որ խնդիրը նրանում է նաեւ, որ մենք լաւ չենք ներկայացրել, ժամանակ չի եղել, խորը եւ համապարփակ ներկայացնել մեր հանրութեանը, թէ ովքեր են մեր թեկնածուները»,- ըսած է Նարեկ Կարապետեան։

