Հակափտածութեան դատարանը 2026 թուականի Յուլիս 23-ի վճիռով բաւարարած է Դատախազութեան հայցապահանջը՝ վճռելով 2 ընկերութիւններու տնօրէն Վ.Ա.-էն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել 1 միլիառ 150 միլիոն 584 հազար դրամ՝ որպէս պետութեան պատճառուած վնասի գումար:
Գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը հայցադիմում ներկայացուցած էր Հակափտածութեան դատարան ընդդէմ Վ.Ա.-ի՝ պետութեան պատճառուած 1 միլիառ 150 միլիոն 584 հազար դրամ վնասի բռնագանձման պահանջով:
Հայցապահաջի հիմքին դրուած էր այն հանգամանքը, որ 2026 թուականի Մարտ 17-ին Երեւան քաղաքի Ընդհանուր իրաւասութեան Առաջին ատեանի քրէական դատարանի դատավճիռով՝ Վ.Ա.-ն մեղաւոր ճանչցուած էր Քրէական օրէնսգիրքի 290-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերով նախատեսուած արարքի կատարման մէջ:
Մասնաւորապէս՝ Վ.Ա.-ն, հանդիսանալով 2 ընկերութիւններու մասնակից եւ գործադիր մարմինի ղեկավար՝ տնօրէն, նախնական համաձայնութեան գալով նշուած ընկերութիւններու փաստացի ղեկավարումը ստանձնած անձին հետ, ունենալով Հարկային օրէնսիգրքով սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ հարկային պարտաւորութիւնները հաշուարկելու եւ կատարելու պարտաւորութիւն, առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 1 միլիառ 150 միլիոն 584 հազար դրամ հարկեր վճարելէ խուսափելու նպատակով, կեղծ տուեալներ ներառած է ընկերութիւններու ամսական եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարի, աւելցուած արժէքի հարկի եւ ակցիզային հարկի միասնական, տարեկան շահութահարկի հաշուարկներուն մէջ, ինչի հետեւանքով խուսափած էր 584 միլիոն 864 հազար դրամ եկամտային հարկ, 553 միլիոն 825 հազար դրամ աւելցուած արժէքի հարկ եւ 11 միլիոն 894 հազար դրամ շահութահարկ պետական պիւտճէ վճարելէ։

