Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան ԵՄ Երկիրները Յորդորած Է Արագացնելու ՀՀ-ին Աջակցելու Քայլերը

Միրզոյեան ԵՄ Երկիրները Յորդորած Է Արագացնելու ՀՀ-ին Աջակցելու Քայլերը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը, Լիւքսեմպուրկի մէջ, Եւրոմիութեան երկիրները յորդորած է արագացնելու քայլերը՝ աջակցելու Հայաստանին ռուսական վերջին սահմանափակումներու լոյսին տակ, Պրիւքսէլէն հաղորդած են «Ազատութեան» աղբիւրները։

«Դրական եւ կարեւոր հանդիպում էր՝ Ռուսաստանի հիպրիտային ու առեւտրային յարձակումներուն հակազդելու համար»,- «Ազատութեան» ըսած է հանդիպումներուն ներկայ եւրոպացի դիւանագէտներէն մէկը։

Աւելի վաղ «Ազատութեան» յայտնի դարձած էր, որ Եւրոմիութիւնը մտադիր է Հայաստանին արտօնեալ պայմաններ՝ Առեւտուրի ինքնավար միջոցառումներ առաջարկել (Autonomous Trade Measures – ATM), որու շրջանակին մէջ հայկական որոշ ապրանքներ կրնան եւրոպական շուկայ մտնել առանց մաքսատուրքերու եւ չափաբաժիններու։

Միրզոյեանի այցի ընթացքին, ըստ «Ազատութեան» աղբիւրներուն, Եւրոյանձնաժողովը վերահաստատած է այս յանձնառութիւնը։ Կ’ակնկալուի, որ ապրանքներու ցանկը յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին։

«[Միրզոյեանի] Այցը հաստատեց ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ խորացող յարաբերութիւնները»,- ըսած է եւրոպացի մէկ այլ դիւանագէտ՝ յաւելելով. «Արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեան շեշտեց նաեւ ուժանիւթային ոլորտը բազմազանելու՝ Հայաստանի ցանկութիւնը եւ շեշտեց այդ ուղղութեամբ ԵՄ-ի կողմէ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը»։

Ըստ «Ազատութեան» աղբիւրներուն՝ հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ հետ սահմանը պիտի բացուի յառաջիկայ ժամանակահատուածին։ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին ալ նշած է անորոշութիւնը, որ ի յայտ եկած է Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն յետոյ, որոնց արդիւնքներով Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիրը» չկրցաւ ստանալ սահմանադրական մեծամասնութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment