Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարեւորէ այն փաստը, որ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, այլ ոչ թէ տարածաշրջանէն դուրս։
Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ։
«Սա նշանակում է, որ խաղաղութեան գործընթացի ուղղութեամբ մենք գնում ենք առաջ եւ կառավարում ենք այն վտանգները, որոնք կարող էին առաջանալ»,- ըսած է վարչապետը։
Ան նշած է, որ հանդիպման ընթացքին բարձրացուած են տարբեր հարցեր, այդ շարքին՝ անազատութեան մէջ գտնուող անձերու, ինչպէս նաեւ սահմանային իրադրութեան կառավարման հետ կապուած հարցեր։
«Ես եմ Արմէն Գրիգորեանին յանձնարարել, որպէսզի Ատրպէյճանի իր գործընկերոջ հետ քննարկի՝ կա՞յ արդեօք հանդիպման անհրաժեշտութիւն, թէ՞ ոչ։ Մենք զբաղուած ենք իրադրութեան կառավարմամբ»,- ըսաւ Փաշինեան՝ յաւելելով, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն բանակցութիւնները բոլոր երկիրներու հետ իրարու դիրքորոշումները, ծրագրերը, ռազմավարութիւնները, մտահոգող հարցերը քննարկելու համար են։
Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ հանդիպած էին Յունիս 14-ին Դիլիջանի մէջ։ Կողմերը հանդիպման վերաբերեալ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւն տարածած էին, ըստ որուն՝ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանա-հայաստանեան խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր եւ ընդգծուած է երկկողմ ուղիղ երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը։

